Կիրակի, 01. 03. 2026

spot_img

Ֆրանսացիները Միթերանը Համարած Են Վերջին 40 Տարուան Լաւագոյն Նախագահը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ-Ֆրանսացիներու մեծամասնութիւնը Ֆրանսուա Միթերանը լաւագոյն նախագահը կը համարէ վերջին 40 տարուան ընթացքին, երկրի գործող նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնը յայտնուած է վարկանիշի նախավերջին տեղը: Այդ մասին կը վկայեն այն հարցումի արդիւնքները, որ «Odoxa» կեդրոնի կողմէ կայացած է «Figaro» թերթին համար, փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը:

Հետազօտութեան տուեալներուն համաձայն՝ ֆրանսացիներու 31 տոկոսը Ֆրանսուա Միթերանը համարած է պետութեան լաւագոյն ղեկավարը վերջին 40 տարուան ընթացքին: Առաջին եռեակին մէջ նաեւ տեղ գտած են Ժագ Շիրաքը (26 տոկոս) եւ Նիքոլա Սարքոզին (14 տոկոս):

Ֆրանսայի գործող նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնը հաւաքած է ձայներու միայն 10 տոկոսը: Վերջին հորիզոնականին յայտնուած է իր նախորդը՝ Ֆրանսուա Օլանտը (4 տոկոս): Հարցումի մասնակիցներուն եւս 2 տոկոսը հրաժարած է պատասխանել հարցին:

Հարցումը կայացած է հինգերորդ Հանրապետութեան 60-ամեակին կապակցութեամբ: Անիկա կատարուած է Հոկտեմբեր 2-ին եւ 3-ին, անոր մասնակցած է 996 մարդ, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին