ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի վերամուտը սկսաւ 6 Սեպտեմբերի առաւօտեան։ Ակներեւ էր դպրոցիս բակին եռուզեռը։ Ծնողներ, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ կ՚ողջագուրուէին եւ կը զրուցէին ուրախ մթնոլորտի մէջ։ Հնչեց դպրոցական առաջին զանգը, որ կը յիշեցնէր պատրաստ աշխատանքի եւ նորանոր գիտելիքներու։
Աշակերտները միասնաբար կատարեցին ամերիկեան եւ հայկական ուխտերը եւ երգեցին երկու հոգեւոր երգեր։ Տնօրէնուհի Մարալ Պոյաճեան բարիգալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Ան գոհունակ էր, որ դարձեալ Աստուծոյ օգնութեամբ հանդիպեցանք եւ կը դիմաւորենք վերամուտը, շրջապատուած Սահակ-Մեսրոպ ընտանիքի անդամներով։
Պատուելի Վաչէ Էքմէքճեան ներշնչեց աշակերտները, որ զարգանան ապագայի լաւ յոյսերով։ Աղօթքով փակուեցաւ դպրոցիս բացման արարողութիւնը։
Ապա, ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ աշակերտները ուղղուեցան իրենց դասարանները ծանօթանալով իրենց նոր դասատուներուն, լսելով անոնց թելադրանքները եւ ակնկալութիւնները։
***
Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12-ին դպրոցիս պաշտօնէութիւնը ունեցաւ իր առաջին հանդիպումը ծնողներուն հետ։ Առաջին առիթով, Տնօրէնուհի Տիկ. Մարալ Պոյաճեան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ դպրոցին օրէնքներուն, ուսումնական եւ մարզական յաջողութիւններուն, ինչպէս նաեւ ապագայի ծրագիրներուն մասին։
Ան ներկայացուց դպրոցիս պաշտօնէութիւնը, որ անսակարկ նուիրումով կ՚աշխատի։
Մարզական բաժնի պատասխանատու՝ Տիկ. Ժանէթ Փանոսեան խօսեցաւ մարզական խաղերու եւ մրցումներու մասին։
Ծնողներ առիթը ունեցան այցելելու իրենց զաւակներուն դասարանները, որոնք զարդարուած էին գեղեցիկ գրութիւններով եւ նկարներով։
Ուսուցիչներ պէտք եղած բացատրութիւնները տուին ծնողներուն, յստակացնելով կատարուելիք աշխատանքները, որպէսզի դասընթացքները հեզասահ ընթանան։
Ծնողներ հաւատալով Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի առաքելութեան, հաւատալով այս կրթօճախի գոյատեւման, իրենց զաւակները կը վստահին հայ դպրոցին, գիտակցելով, որ վարժարանս պիտի կերտէ ապագայի առաջնորդներ։
ՍՈՆԱ ՊԱՏԱԼԵԱՆ