Ընթացիկ տարուան Սեպտեմբերին ՀՀ երկու օդակայաններուն մէջ ուղեւորահոսքը ընդհանուր կազմած է 278.719 մարդ` 2017 թուականի նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցելով 9.3 տոկոսով: Ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ «Արմէնիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութենէն կը տեղեկացնեն, որ 2018-ի Սեպտեմբերին, 2017-ի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, «Զուարթնոց»-ի մէջ ուղեւորահոսքը աւելցած է 7,1 տոկոսով.
Եթէ 2017-ի Սեպտեմբերին «Զուարթնոց» օդակայանի ծառայութիւններէն օգտուած է 245,363 ուղեւոր, ապա 2018-ի Սեպտեմբերի ցուցանիշը կը կազմէ 262.815 ուղեւոր:
2018 թուականի Սեպտեմբերին Կիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 15,904 մարդ: 2017 թուականի նոյն ամսուան 9,646 ուղեւորահոսքի համեմատ աճը կազմած է 65 տոկոս:
Տարեսկիզբէն Հայաստանի Հանրապետութեան երկու օդակայաններուն ուղեւորահոսքը կազմած է 2,151,718 մարդ, որ 11.9 տոկոսով աւելի է նախորդ տարուան նոյն ամիսներու ցուցանիշէն:
«Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններուն մէջ 2018 թուականի Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն, նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն հետ համեմատած, 9,9 տոկոսով աճած են նաեւ թռիչք-վայրէջքները: