Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Կը Հերքէ Սասունի Գիւղերէն Մէկուն Մէջ 2000 Հայ Քրիստոնեայ Գտնուելու Մասին Տարածուած Լուրերը

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը պաշտօնական կայքէջին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան միջոցով հերքած է Արեւմտեան Հայաստանի պատմական Սասուն գաւառի գիւղերէն մէկուն մէջ 2000 քրիստոնեայ հայեր գտնուելու ու մկրտութիւններու եւ հարսանիքներու համար պատրիարքարանէն քահանայ պահանջելու մասին լուրերը:

Յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ «Արեւելք» լրատուականի կողմէ նախապէս տարածուած լուրը Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին մէջ ընթերցած են մեծ զարմանքով: Պատրիարքարանէն յայտնած են, որ նման դիմում եւ պահանջ մինչեւ այսօր չեն ստացած, իսկ Սասունի մէջ իսլամացուած հայերէն բացի այժմ կ’ապրին ոչ թէ 2000, այլ միայն քանի մը քրիստոնեայ հայ ընտանիքներ:

Պատրիարքարանի ներկայացուցիչները նաեւ ընդգծած են, որ տարածուած լուրերէն ետք տեղեկութիւնը ճշդած են Սասունի հայերէն, որոնք յայտնած են, թէ նման գիւղ այդ տարածքին մէջ գոյութիւն չունի:

Կայքին մէջ նշուած է նաեւ, որ Սասունի հայերու համայնքը կը դասուի Թուրքիոյ տարածքին գործող եկեղեցի չունեցող հայկական 17 համայնքներու շարքին, իսկ գործող եկեղեցի ու որպէս քրիստոնէական համայնք արձանագրուած հայկական միակ գիւղը Թուրքիոյ մէջ Վաքըֆն է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին