ՏԱՐԵԿԱՆ ԴԱՇՏԱՀԱՆԴԷՍ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Պարտիզագնացութիւնը այն հիմնական աւանդութիւններէն մէկն է, զոր ժառանգած ենք մեր հայրենակիցներէն։ Այլապէս ալ, առողջապահական կազդուրիչ նախաձեռնութիւն մըն է փիքնիքը, բոլոր երկիրներու ժողովուրդներուն եւ այլազան տարիքի անհատներուն համար։
Չորք-Մարզպանի հայրենակցական միութեան 2018-ի տարեկան դաշտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Սեպտեմբեր 16-ին, Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Վուտլի փարքին մէջ։ Կէսօրուան մօտ, վարչութեան ատենադպիր Պրն. Գէորգ Յակոբեան բարիգալուստ մաղթեց ներկաներուն, միաժամանակ յիշատակելով ներկայութիւնը ծանօթ մտաւորականներու եւ ազգայիններու։
DJ Mahig մթնոլորտը խանդավառեց հայկական եւ եւրոպական եղանակներով։ Կէսօրին ներկաները հրաւիրուեցան օգտուելու մատակարար Ռաֆֆիի մատուցած համեղ խորովածի տեսակներէն՝ լրացուցիչ աղանդերներով։
Օրուան հաճելի անակնկալը Պրն. Խաչիկ Թանկեանի ու Պրն. Խաչիկ Զէնեանի յաջորդական, ինքնաբուխ մեներգներն էին։ Հայրենակցականի հիմնադիր անդամներ Արտաւազդ եւ Անդրանիկ Գալայճեան եղբայրներու օրինակելի, անվրէպ ներկայութիւնը իրենց տիկիններով, միութենական բոլոր ձեռնարկներուն գօտեպնդիչ գրաւականներէն եղած են Տէօրթ-Եոլի հայրենակցական միութեան գոյատեւման։ Իւրաքանչիւր ձեռնարկի ալ իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները, ինչպէս այս դաշտագնացութեան ալ, մեծապէս կը սատարեն Միութեան աշխուժացման։
Յայտագրին մէջ փինիաթայի խաղը մեծ խանդավառութիւն յառաջացուց ներկայ փոքրերու շրջանակին մէջ։ Տիկ. Լենա Գալայճեան ամէն տարուան նման կազմակերպած էր օրուան վիճակահանութիւնը։
Յետմիջօրէին ընթացք առած նարտիի ու պլոթի մրցաշարքերը ընթացան լարուած եւ հետաքրքրաշարժ մթնոլորտի մէջ։ Պլոթի մրցաշարքին յաղթականներ դարձաւ Յովհաննէս Նորընծայեան – Ճորճ Սիւմպիւլեան զոյգը։ Իսկ նարտիի մրցաշարքը շահեցաւ Պրն. Սեդրակ Եազլեանը։ Յաղթականները արժանացան յատուկ բաժակներու։
Բարենպաստ եւ յարաբերաբար զով եղանակը ներկաներուն պարգեւեց հանգիստ, բարի եւ ուրախ տրամադրութիւն։
ԹՂԹԱԿԻՑ






