«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ-Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 4-ին աշխատանքային երկօրեայ այցով մեկնած է Ֆրանսայի Հանրապետութիւն:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ կառավարութեան ղեկավարը Փարիզի մէջ պիտի մասնակցի աշխարհահռչակ հայազգի շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուրի հոգեհանգիստի եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններուն:






