Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Նիկոլ Փաշինեան Եւ Էմմանուէլ Մաքրոն Ներկայ Գտնուած Են Շառլ Ազնաւուրի Հոգեհանգիստի Արարողութեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկին Աննա Յակոբեանը ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի, տիկին Նունէ Սարգսեանի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին երկրորդի հետ ներկայ գտնուած են հայազգի աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուրի հոգեհանգիստի արարողութեան, որ տեղի ունեցած է Փարիզի Ինվալիտներու պալատին մէջ (Hotel des Invalides): Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, միջոցառումին ներկայ եղած են Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնը, տիկին Պրիճիթ Մաքրոնը, Ֆրանսայի նախկին նախագահներ` Նիքոլա Սարքոզին եւ Ֆրանսուա Օլանտը, Ֆրանսայի վարչապետ Ֆիլիփ Էտուարտը, Ֆրանսայի հասարակական, քաղաքական, մշակութային յայտնի գործիչներ, Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Ֆրանսայի Ազգային նուագախումբի կատարումով նախ հնչած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ազգային օրհներգերը, որմէ ետք վարչապետ Փաշինեան եւ Էմմանուէլ Մաքրոնը մօտեցած են Շառլ Ազնաւուրի ընտանիքի անդամներուն եւ իրենց ցաւակցութիւնները յայտնած անոնց:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին