«Դեռ որոշուած չէ, թէ ինչ խորագիրով պիտի իրականացուի «Հեռուստամարաթոն-2018»-ը, սակայն այդ ուղղութեամբ քննարկումներ կ’ընթանան: Այն ամէնուն, ինչին հասցուցած եմ ծանօթանալ, կը համարեմ դրական: Խրախուսելի է, որ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հիմնադրամի հետ կը համագործակցի տարբեր ոլորտներու մէջ, եւ այդ աջակցութիւնը հիմնադրամին շատ մեծ է»,- ըստ Artsakhpress.am-ի՝ յայտնած է աշխատանքային այցով Ստեփանակերտ ժամանած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նորանշանակ գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան:
Ըստ գործադիր տնօրէնին՝ ոչ միայն յառաջիկայ թելեթոնին, այլ նաեւ, ընդհանրապէս, հիմնադրամի աշխատանքներուն նկատմամբ լաւատեսօրէն տրամադրուած է:
«Մէկ մեծ խնդիրը չի կրնար ազդել ամբողջ հիմնադրամի գործունէութեան վրայ, որ երկար տարիներու պատմութիւն ունի: Իմ աշխատանքով ես խնդիր ունիմ ո՛չ միայն հիմնադրամի հեղինակութիւնը բարձրացնելու հետ, այլեւ պիտի փորձենք ամբողջ կազմով հիմնադրամը 21-րդ դարուն յարիր լուրջ կազմակերպութեան վերածել»,- ըսած է Արշամեան: