«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ-Երէկ տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախքան օրակարգային հարցերու քննակումը, վարչապետը նշած է, որ կառավարութիւնը նիստին դռնփակ ռեժիմով պիտի քննարկէ համաներում յայտարարելու մասին որոշումի նախագիծը: «Այն մենք կը քննարկենք դռփակ ռեժիմով, որովհետեւ օրէնքը նախատեսում է, որ Ազգային ժողովի յանձնաժողովի նիստում քննարկումը պէտք է լինի դռնփակ: Տրամաբանական չի լինի, եթէ կառավարութեան նիստում դռնբաց քննարկուի, յետոյ ԱԺ յանձնաժողովի նիստում՝ դռնփակ»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:






