Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Կը Շարունակեն Ճնշում Գործադրել Երկրի Լրագրողական Համայնքին Վրայ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն տարբեր շինծու մեղադրանքներով ձերբակալել, ազատազրկումի դատապարտել իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը քննադատող կամ տարբեր կարծիք ունեցող լրագրողական համայնքի ներկայացուցիչները: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական artigercek.com-ը: 

Միայն 2018-ի Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին դատարանին առջեւ կանգնած է 110 լրագրող, որոնցմէ 5-ն դատապարտուած է 21-ական տարուան ազատազրկումի: 

«Ազատ լրագրողներու նախաձեռնութեան» տուեալներուն համաձայն՝ ներկայիս թրքական բանտերու մէջ կը գտնուին 173 լրագրողներ: Բազմաթիւ լրագրողներ ալ կը սպասեն իրենց դատական վճիռներուն: 

Թուրքիոյ մէջ լրագրողներու նկատմամբ ճնշումներն ու անոնց ձերբակալութիւնները յատկապէս մեծ թափ առած են 2016-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջումի փորձին յաջորդած շրջանին:

Ձերբակալուած լրագրողները հիմնականօրէն կը մեղադրուին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու քարոզ իրականացնելու կամ ալ կիւլենականութեան շինծու մեղադրանքներով:

Միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններն ու իրաւապաշտպանները Թուրքիոյ իշխանութիւններուն պարբերաբար կոչ կ’ընեն ազատ արձակելու ձերբակալուած լրագրողները եւ դադրեցնելու անոնց նկատմամբ իրականացուող հետապնդումները, սակայն ապարդիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին