Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

«Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամը Իրականացուց «Այցելութիւն Թանգարաններ Եւ Տեսարժան Վայրեր» Ծրագիրը

Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի տօներուն ընդառաջ «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը իրականացուց «Այցելութիւն թանգարաններ եւ տեսարժան վայրեր» ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս Հայաստանի եւ Արցախի Վ. Թէքէեանի անուան դպրոցներու թիւով 92 աշակերտներ եւ անոնց ուղեկցող ուսուցիչներ հնարաւորութիւն ունեցան այցելելու մեր հայրենիքի պատմամշակութային կեդրոնները:

Ծրագիրով նախատեսուած առաջին այցելութիւնը եղաւ Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարան, ուր Երեւանի, Կիւմրիի, Ստեփանաւանի եւ Կարպիի թէքէեանցի աշակերտները զբօսարշաւավարներու ուղեկցութեամբ շրջեցան թանգարանի ցուցասրահները, դիտեցին հին Երեւանի մանրակերտը: Այնուհետեւ անոնց համար կազմակերպուեցաւ «Ճանչցիր Երեւանը» գիտահանրամատչելի խաղ-զբօսարշաւը, որ քաղաքի մասին երեխաներուն կարեւոր եւ հետաքրքրաշարժ տեղեկութիւններ հաղորդեց, ինչպէս նաեւ օգնեց սորվելու եւ ամրապնդելու ձեռք բերուած գիտելիքները:

Այնուհետեւ երեխաները այցելեցին «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի եւ Երեւանի քաղաքապետարանի կողմէ կազմակերպուած «Երեւանը երեւանցիներուն աչքերով» լուսանկարչական ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած շուրջ 150 լուսանկարները կ’արտացոլէին մայրաղաղաքի կեանքն ու շունչը՝ պատմական եւ մերօրեայ գոյութեամբ:

Հայաստանցի թէքէեանցիներուն համար ծրագիրը ամփոփուեցաւ այցելութեամբ Երեւանի կենդանաբանական այգի:

Իսկ Արցախի՝ Բերձորի Վ. Թէքէեանի անուան թիւ 1 միջնակարգ դպրոցի սաները հիմնադրամի աջակցութեամբ հնարաւորութիւն ունեցան այցելելու Ստեփանակերտ եւ Շուշի: Եղան ԼՂՀ զոհուած ազատամարտիկներու յուշ-թանգարանը, ծանօթացան թանգարանի ցուցանմուշներուն, որոնք օգտագործուած են Արցախեան ազատամարտի ժամանակ: Սակայն աւելի տպաւորիչ ու յուզող էին պատերուն փակցուած ուրախ եւ տխուր դէմքերով ազատամարտիկներու լուսանկարները: Թանգարանի հարեւանութեամբ կը գտնուի Անյայտ կորսուած ազատամարտիկներու թանգարանը: Տնօրէն Վերա Գրիգորեանը՝ 1994-ին Արցախեան ազատամարտի ժամանակ անյայտ կորսուած Արտակ Գրիգորեանի մայրը եւ «Անյայտ կորսուած ազատամարտիկներու հարազատներու միութիւն» ՀԿ նախագահը, աշակերտներուն ներկայացուց թանգարանի ստեղծման գաղափարը եւ ներկայիս գործունէութիւնը: 

Խումբը Ստեփանակերտէն ուղեւորուեցաւ Հունոտի կիրճ՝ տեսնելու բնութեան հրաշալիք մամռապատ քարանձաւը՝ Զոնտիկները: Այնուհետեւ ծրագիրի մասնակիցները ուղղուեցան դէպի Շուշի՝ Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցի:

«Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի «Այցելութիւն թանգարաններ եւ տեսարժան վայրեր» ծրագիրին շնորհիւ թէքէեանցի աշակերտները հաճելի եւ ուսուցողական օր անցուցին, ձեռք բերին նոր ընկերներ եւ մեծ տպաւորութիւններով վերադարձան իրենց մարզերը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին