Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Էրտողանը Կը Պատրաստուի ԵՄ-ին Անդամակցութեան Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Հարցը Դնել Հանրաքուէի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չի բացառեր ԵՄ անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններուն շարունակականութեան հարցը հանրաքուէի դնելու հնարաւորութիւնը:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը:

Էրտողանի փոխանցմամբ՝ 1963-էն ի վեր ԵՄ-ը կը խաբէ Թուրքիան եւ կը պահէ անորոշութեան մէջ:

«Մենք շատ բան ունինք տալու ԵՄ-ին, սակայն 1963-էն ի վեր մեզ կը խաբեն: Թերեւս ԵՄ-ը նոյնպէս շատ բան ունի մեզի տալու, բայց եթէ այսպէս շարունակուի մեզի կը մնայ հարցնել մեր 81 մլն ժողովուրդին»,- ակնարկած է նախագահը այդ հարցով հանրաքուէի իրականացման հնարաւորութեան:

TRT World Forum գիտաժողովի ժամանակ ունեցած ելոյթին Էրտողանը նաեւ կարծիք յայտնած է, որ Եւրամիութիւնը «կը մօտենայ իր պատմութեան աւարտին»:

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը 1963-ին ԵՄ-ի հետ համաձայնագիր ստորագրած է, 1987-ին ԵՄ անդամ դառնալու յայտ ներկայացուցած է, 1999-ին դարձած է ԵՄ անդամակցութեան թեկնածու, սակայն մինչ օրս ԵՄ անդամ չէ դարձած:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին