Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

Զաբորոժիէ Քաղաքին Մէջ Հանդիսաւոր Կերպով Հայոց Այբուբենին Նուիրուած Յուշարձան Բացուած Է

Ուքրանիոյ Զաբորոժիէ քաղաքին մէջ իրականացուող Հայկական մշակոյթի օրերուն ծիրէն ներս, Հայ եկեղեցւոյ տարածքին հանդիսաւոր կերպով բացուած է հայոց այբուբենին նուիրուած յուշարձանը: Վկայակոչելով analitikaua.net-ը՝ Armenpress.am-ը կը տեղեկացնէ, որ բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են Զաբորոժիէի մարզպետ Կոնստանթին Պրիլ, Ուքրանիոյ հայերու միութեան գործադիր տնօրէն Յովակիմ Յարութիւնեան, Զաբորոժիէի շրջանի հայերու միութեան նախագահ Արտաշէս Սարգսեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ տ. Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեան:

Ուքրանիոյ հայերու միութեան տեղեկութեան համաձայն՝ անիկա Հայաստանէն դուրս գտնուող ամենախոշոր յուշարձաններէն է՝ նուիրուած հայոց այբուբենին:

«Ուքրանիոյ հայերու միութեան նախագահ Վիլէն Շատուորեանի անունով կը շնորհաւորեմ հայ մշակոյթի կարեւոր եւ վառ խորհրդանիշներէն մէկուն բացման արարողութեան առիթով, որ իր տեսակով միակն է Ուքրանիոյ տարածքին: Զաբորոժիէ համայնքը իր աշխատանքով բարձր նշաձող կը սահմանէ եւ այս ձեռնարկը անոր վառ ապացոյցն է»,- նշած է Յովակիմ Յարութիւնեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին