«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ-Արաբական լիկայի գլխաւոր քարտուղարութենէն պատուիրակութիւն մը Հինգշաբթի Գահիրէէն ժամանեց Լիբանան՝ վերանայելու 2019-ին տեղի ունենալիք արաբական տնտեսութեան եւ ընկերային զարգացման գագաթնաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները, որ պիտի հիւրընկալուի Լիբանանի մէջ Յունուարին: Այս մասին հաղորդեց օդակայանէն աղբիւր մը:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Հուսամ Զաքին:
Պատուիրակութիւնը պիտի ստուգէ գագաթնաժողովի հանդիպումներուն համար նշանակուած վայրերը: Բաց աստի, հանդիպումներ պիտի ունենայ շարք մը պաշտօնատարներու հետ:






