Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարը Յայտարարած Է Իրանի Հետ 1955-ին Կնքուած Բարեկամութեան Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Մասին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօն յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ը դուրս պիտի գայ 1955-ին Իրանի հետ կնքուած «Բարեկամութեան, տնտեսական յարաբերութիւններու եւ հիւպատոսական իրաւունքներու մասին» պայմանագիրէն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «Reuters» գործակալութիւնը, ԱՄՆ պետական քարտուղարը յայտարարած է, որ Իրանը կ’օգտագործէ Միջազգային քրէական դատարանը քաղաքական եւ քարոզչական նպատակներով:

«Ես կը յայտարարեմ, որ ԱՄՆ-ը կը խզէ Իրանի հետ բարեկամութեան մասին 1955 թուականի պայմանագիրը: Ասիկա որոշում է, զոր անհրաժեշտ էր ընդունիլ 39 տարի առաջ»,- ըսած է ան:

ԱՄՆ պետական քարտուղարը նշած է, որ այդ որոշումը կապուած է այս տարուան Յուլիսին Միջազգային քրէական դատարան Իրանի ներկայացուցած դիմումին հետ, որով Թեհրանը մեղադրած է ԱՄՆ-ը տուեալ պայմանագիրը խախտելու համար: Պետական քարտուղարը նաեւ կտրուկ քննադատութեան ենթարկած է ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի որոշումը, որուն համաձայն՝ Ուաշինկթընը պէտք է չեղարկէ Թեհրանի դէմ պատժամիջոցներու մէկ մասը:

«Իրանը կը փորձէ միջամտել Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկելու իրաւունքի իւրացման խնդիրին: Իրանը կ’օգտագործէ միջազգային քրէական դատարանը քաղաքական եւ քարոզչական նպատակներով»,- յայտարարած է Փոմփէօն:

ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանը պահանջած է ԱՄՆ-էն դադրեցնել Իրանի դէմ սահմանած շարք մը պատժամիջոցներու գործողութիւնը: ԱՄՆ-ը պէտք է չեղարկէ Իրանի դէմ այն պատժամիջոցները, որոնք կը վերաբերին մարդասիրական հարցերու: Բացի այդ՝ դատարանը կողմերուն կոչ ըրած է զերծ մնալու այն գործողութիւններէն, որոնք կրնան յանգեցնել հակասութիւններու խորացման: Բոլոր որոշումները դատաւորներուն կողմէ ընդունուած են միաձայն: Իրանը ամերիկեան պատժամիջոցներու հարցով ՄԱԿ-ի դատարան դիմած էր Յուլիս 16-ին: Իրանի իշխանութիւնները կը պնդեն, որ Մայիսին Տոնալտ Թրամփի վարչակազմի սահմանածպատժամիջոցները կը խախտեն 1955 թուականի պայմանագիրին պայմանները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին