Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Ազրպէյճանը Կը Փորձէ Ճնշել Մամուլի Ազատութիւնը Իր Երկրի Սահմաններէն Դուրս

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ-Օրերս աւարտեցաւ «Ազրպէյճանը ընդդէմ «France 2»-ի աշխատակազմի» դատը. հարեւան պետութիւնը տանուլ տուաւ զայն:

Յիշեցնենք, որ գործի նախապատմութիւնը սկսած 2015 թուականէն, երբ «France 2» հեռուստաընկերութեան «Cash investigation» (Նախնական հետաքննութիւն) հաղորդումի ժամանակ լրագրող Էլիզ Լիւսէն Ազրպէյճանի մասին խօսելու ատեն զայն որակած էր որպէս աշխարհի ամենադաժան բռնապետութիւններէն մէկը: Պաքուն սա համարած էր զրպարտութիւն եւ դատի տուած լրագրողը:

3 տարի տեւած դատավարութիւնը աւարտեցաւ յօգուտ ֆրանսացի լրագրողին: Ֆրանսական դատարանը այս որոշումը հիմնաւորեց 1881 թուականին ընդունուած մամուլի ազատութեան մասին օրէնքով: «Օտար երկիրները չեն կրնար նոյնականացուիլ անհատի հետ: Օտար պետութիւնը իրաւունք չունի այլ երկրի դէմ նման առիթի պարագային հետապնդում սկսելու: Միայն տուեալ պետութեան ներկայացուցիչները եւ պատասխանատուները կրնան պահանջել վերանայում, եթէ եղած է իրենց պատիւն ու արժանապատուութիւնը արատաւորող փաստ»,- նշուած է օրէնքին մէջ:

Դատը շահելէ ետք Էլիզ Լիւսէի փաստաբանը յայտարարած է, որ սա բռնապետական երկիրներու ճնշումներուն դէմ մեծ յաղթանակ է:

Ի դէպ, նշենք նաեւ, որ, ըստ «Լրագրողները առանց սահմաններու» կազմակերպութեան տուեալներու, սա առաջին դէպքն էր, երբ օտար պետութիւնը կը հետապնդէ լրագրողին իր իսկ հայրենի երկրին մէջ:

Ազրպէյճանը ֆրանսական մամուլի էջերուն մէջ յաճախ կ’որակուի որպէս բռնապետական երկիր նոյն ինքն ազրպէյճանցիներուն կողմէ, որոնք հալածուած են իրենց երկրին մէջ ու հաստատուած այլ երկիրներ: Անոնցմէ մէկը իրաւապաշտպան Լեյլա Եունուսն է, որ յաճախ կը խօսի Ալիեւի բռնապետական վարքագիծին մասին, ինչը ազրպէյճանցի լրագրողներու՝ երկիրը լքելու պատճառ կը դառնայ: Ան կը բարձրաձայնէ նաեւ լրագրողներուն անպաշտպան ըլլալու մասին ոչ միայն Ազրպէյճանի մէջ, այլեւ երկրի սահմաններէն դուրս, այս պարագային՝ Եւրոպայի:

Իրաւապաշտպանի յայտարարութիւնները տեղին են՝ հաշուի առնելով շարք մը դէպքեր: Թերեւս ամենաթարմը այս տարուան Մարտին ֆրանսական Թուլուզ քաղաքին մէջ ազրպէյճանցի լրագրող Ռահիմ Նամազովի եւ իր ընտանիքին վրայ յարձակումն էր, որուն հետեւանքով լրագրողի կինը մահացած էր: Կնոջ մահէն ետք Նամազովը շարք մը հարցազրոյցներու մէջ նշած է, որ նախքան կրակոցները, ան մի քանի անգամ մահուան սպառնալիքներ պարունակող զանգեր ստացած է Ազրպէյճանէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն: Ան այս յարձակումը կը կապէ իր քաղաքական դիրքորոշումին հետ՝ կապուած Ազրպէյճանի քաղաքական ռեժիմին հետ:

Նշենք, որ ան 2010 թուականին անդրադարձած էր զոհուած ազրպէյճանցի զինուորներու օրկաններու վաճառքի եւ 2010 թուականին Ազրպէյճանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընտրակեղծիքներու թեմաներուն, որուն հետեւանքով 6 տարի ազատազրկուած էր դատարանի որոշումով, ինչը պատճառ հանդիսացած էր կնոջ եւ երեխաներուն հետ դէպի Ֆրանսա փախուստի դիմելու համար, ուր յայտարարած էր, որ Ազրպէյճանի մէջ լրագրողները կը սպաննուին կամ կը կալանաւորուին: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին