Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

ԹՄՄ Լոս Անճելըս. Ծննդեան 110-ամեակ Ուիլիամ Սարոյեանի. Մարդն ու գրողը

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Թէքէեանականներու եւ գրասէր բարեկամներու ժամադրավայրն էր Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանի սրահը՝ Ուրբաթ, 28 Սեպտեմբերի երեկոյեան, որոնք եկած էին ներկայ գտնուելու ամերիկահայ յայտնի գրող՝ Ուիլիամ Սարոյեանի ծննդեան 110-ամեակին նուիրուած գրական եկեկոյին։ Վերջերս՝ Օգոստոս 31-ին Ֆրեզնոյի մէջ Սարոյեանի բնակարանն ալ դարձած էր տուն-թանգարան, պատշաճ արարողութեամբ։

Միջոցառման բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետ Բարսեղ Գարթալեանը, որ մէջբերումներ կատարեց Սարոյեանի հրատարակութիւններէն։

Գարթալեան առաջին հերթին բեմ հրաւիրեց ծանօթ ասմունքող՝ Արշօ Մելիքեանը, որ ընթերցէ Սարոյեանի գործերէն՝ հայերէնի թարգմանութեամբ, ներկաներուն աւելի եւս ծանօթացնելով գրողին գրական վաստակը։

Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ բանաստեղծ Խաչիկ Խաչերը, որպէս ծանօթ Սարոյեանի գրական վաստակին։ Ան իր սրտի խօսքէն ետք, յատուկ այս առիթով ուղարկուած Հայաստանի Հանրապետութեան Գրողներու Միութեան նախագահ Էտուարդ Մելիտոնեանի, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Գրողներու Միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեանի գնահատագիրներու ընթերցումը կատարեց։

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Սալբի եւ Սօսի Քերքոնեանները, սրինգով եւ տաւիղով հրամցնելով երկու ծանօթ մեղեդիներ։

Սարոյեանի ծննդեան 110-ամեակին դասախօսելու հրաւիրուած էր ծանօթ հրապարակագիր, “The Armenian Observer” շաբաթաթերթի խմբագիր՝ Փրոֆ. Օշին Քէշիշեանը։

Ան անդրադարձաւ Ուիլիամ Սարոյեանի կեանքի փուլերուն։ Սարոյեան կորսնցնելով պիթլիսցի իր հայրը երեք տարեկանին, հասակ պիտի առնէր Ֆրեզնոյի մէջ ապաւինելով մօր խնամքին, ու առանց աւարտելու երկրորդական վարժարանի կրթութիւնը, ինքնաշխատութեամբ պիտի դառնար վիպասան։

Բանախօսը նաեւ ակնարկեց իր ունեցած ծանօթութեան՝ Սարոյեանի զաւկին՝ Արամին ու դստեր հետ, անոր գրական վաստակին եւ թուեց անոր գործերէն մաս մը, որոնք համբաւի հասցուցած էին ամերիկահայ գրողը։

Պէտք է ըսել, թէ Սարոյեան մասնակից եղած էր Խորհրդային Հայաստանի մէջ 1935-ին գրողներու համագումարին ու այցելած Մոսկուա։ Տարբեր առիթներով ան գտնուած էր Խորհրդային Հայաստան ու մօտէն ծանօթացած խորհրդահայ գրողներուն։

73 տարեկանին, երբ կը մահանար ամերիկահայ տաղանդաւոր գրողը, անոր ցանկութեան համաձայն աճիւններուն կէսը կը փոխադրուի հայրենիք ու 1981 Մայիս 29-ին պաշտօնական արարողութեամբ մը կը հանգչին գրողներու պանթէոնին մէջ, ուր յատուկ յայտագրով իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Կարէն Դեմիրճեանը, Վարդգէս Պետրոսեանը եւ Փրոֆ. Օշին Քէշիշեանը։

Յայտագրի աւարտին, ներկաներուն տրամադրուեցան տպագիր օրինակներ Սարոյեանի յատուկ համապարփակ հարցազրոյցը բանախօսին հետ, կատարուած 70-ական թուականներուն։

Աւանդական դարձած հիւրասիրութեամբ միջոցառումը իր աւարտին հասաւ, ու ներկաները կրցան վայելել Քէշիշեանի կողմէ տրամադրուած լուսանկարները, որոնք զետեղուած էին սրահի մուտքին։

ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին