Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Փոխան խմբագրականի. ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԻՋՈՑ ԵՆ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ՆՊԱՏԱԿԻՆ ՌԱԿ-ի 97-րդ տարեդարձին առիթով

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – ՌԱԿ կ՚ընթանայ դէպի հարիւրամեակ։ Արմենականներու ժառանգորդ ժողովրդավար մեր կուսակցութիւնը 1885-էն առայսօր՝ Մկրտիչ Փորթուգալեանի «Արմենիա» թերթին շունչով ծնած ու թրծուած, Մարսէյէն Վան, Պոլիսէն Երեւան եւ Պէյրութէն Լոս Անճելըս, կը շարունակէ իր հայրենասիրական ու հայաստանասիրական ուղղութիւնը տարածել, կապել հայը իր արմատներուն՝ հողին, Հայրենիքին։

ՌԱԿ-ի ազգային անշեղ գաղափարախօսութիւնը, միջազգային հարցերու մէջ՝ ոսկի միջինին յարող իր քաղաքականութիւնը, սուփըր-հայրենասիրութիւնը պէտք է որ նպաստէին յետխորհրդային անկախ Հայաստանի ժողովրդավարացման։ Դժբախտաբար, զանազան տեսական թէ իրատեսական պատճառներով, ՌԱԿ-ը այսօր իշխող ներկայութիւն մը չէ Հայաստանի մէջ, սակայն, անոր գաղափարախօսութիւնը կրող բազմաթիւ մեծ թէ փոքր քաղաքական ուժեր կան այնտեղ, որոնց գործունէութիւնը հոգեհարազատ է հարիւրամեայ մեր կազմակերպութեան համար։

Ստորեւ, այս առիթով, փոխան խմբագրականի, հատուածներ՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հրաւիրած Ընդհանուր անդամական ժողովին «Նոր Օր»ի խմբագիրին արտասանած ելոյթէն, որ արտասանուեցաւ Ալթատինայի միութեան կեդրոնին մէջ, 27 Սեպտեմբեր 2018-ին։

…Եկէք ձեռք-ձեռքի տանք, աշխատինք միասին, որովհետեւ չկայ այլ ճանապարհ։ Եթէ հոս էք այսօր, ուրեմն պատրաստ էք ձեր օժանդակութիւնը բերելու դէպի հարիւրամեակ ընթացող մեր կազմակերպութեան։

Այսօր Հայաստանը կ՚անցնի մեծ, շատ մեծ փորձութենէ։ Մենք կորսնցուցինք առիթը հոն վերածնուելու 1990-ական թուականներուն… Մեր ղեկավարները չտեսան լոյսը, կապոյտ լոյսը, թէ երկիրը ժողովրդավարութեան պիտի առաջնորդէ. նոյն սխալը կ՚ընենք արդէն երեսուն տարի շարունակ։  Սիրելիներ, մենք միջոց ենք, եւ ո՛չ նպատակ։ ՌԱԿ-ը միջոց է, իսկ նպատակը Հայրենիքն է եւ հայ ժողովուրդը։ …Թող ամէն ոք գիտնայ, թէ իրավիճակ փոխուած է Հայաստանի մէջ, եւ այդ իրավիճակը փոխուած մեզմէ ամէն մէկուն մէջ։ Անիմաստ է լռել կոռուպցիային դէմ, չխօսիլ, չարտայայտուիլ։ Անիմաստ է լռել կատարուած յանցանքները ծածկելուն մէջ։ Մենք հոն երկիր պիտի կորսնցնենք, իսկ այստեղ, ՌԱԿը, Թէքէեանը, մեր շրջանակը… կ՚ընթանանք դէպի ո՞ւր։ Նոր անուններ, նոր դէմքեր պէտք են, միշտ, մաքրամաքուր անցեալով ղեկավարներ, փորձառուներ նոյնպէս։ Մեր կազմակերպութիւնը տալիք ունի տակաւին եւ պիտի տայ։ …Յաջորդ տարիները վճռորոշ դեր պէտք է կատարեն եւ կրնա՛ն կատարել։ Համոզուա՛ծ ենք, որ կուսակցութեան 100-ամեակը լաւագոյն առիթն է, որպէսզի մինչեւ 2021 վերամիաւորուի ՌԱԿ-ը, որպէսզի ՌԱԿ-միջոցը ծառայէ Հայրենիք-նպատակին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին