Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

ՏԱԳՆԱՊԱԼԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԸ

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Քսանմէկերորդ դարու սկիզբները, Ափրիկէի հիւսիս-արեւելեան ու Միջին Արեւելքի  արաբական երկիրները կը բոլորէին յարաբերաբար կայուն եւ աստիճանական բարգաւաճումի տարիներ։ Աշխարհին տիրապետող տնտեսական շրջանակները, եւ անոնց հրեայ խորհրդատուները, յատկապէս շահագործելով ընկերային դժգոհութիւններ, խռովութեանց մղեցին ժողովրդային զանգուածները, «Արաբական գարուն»ի զարթօնքը աւետելով։

Այնքան հաղորդական ու վարակիչ լոզունգը շեփորուելով, վարակեց շուտով շրջանի երկիրներուն լայն հասարակութիւնը։ Ծայր առին ժողովրդային ցոյցերը, սկսելով Թունուզէն (2010 Դեկտ., 2011 Յունուար), ապա անցնելով Եգիպտոս (2011 Յունուար-Փետրուար), Լիպիա (2011), Եմէն (2011 Նոյեմբեր), Սուրիա (2011-12)։

Բացի Թունուզէն, մնացեալ երկիրներուն մէջ արիւնալի դարձան բախումները ոստիկանութեան, բանակայիններու եւ քաղաքացիներուն միջեւ։ Ընդհարումները մինչեւ այսօր կը շարունակուին յատկապէս Լիպիոյ, Եմէնի ու Սուրիոյ մէջ, յառաջացնելով միաժամանակ զանգուածային գաղթեր, ու պատճառելով մահասփիւռ խորշակներ։

«Գարուն» աւետող կարգախօսը վերածուած է ձմեռուան բուքի։ Կը շարունակուի տրորուիլ արաբական աշխարհը։ Սակայն, արուեստականօրէն ստեղծուած եւ հրահրուած այս կիկլոններու շարքին վերջնական թիրախը Իրանն է։

 

ԼԻՊԻԱ

Մուամմար Ղազաֆիի անկումէն ետք, երկու մասերու բաժնուած է երկիրը։ «Օրինաւոր» կառավարութիւն ստեղծուած է հիւսիս-արեւմտեան կողմը, ուր հոն հաստատուած են քարիւղի օտար ընկերութիւնները,– մանաւանդ Exxon Mobil, BP, Royal Dutch, եւ այլն,– կը շահագործեն քարիւղի արտահանումը։

Մնացեալ մասին վրայ կ՚իշխեն զինեալ ցեղախումբեր։ Մնայուն բախումի մէջ են յիշեալ երկու բաժիններու զինեալները։ Անապահովութիւն եւ անգործութիւն համալրուած ըլլալով, ընտանիքներ եւ անհատներ, պարբերաբար անապահով առագաստանաւերով կը փորձեն մանաւանդ Իտալիա ապաստանիլ, երբեմն նաւաբեկումի ալ ենթարկուելով։ Անապահովութիւնը եւ աղքատութիւնը համատարած է երկրին մէջ։

 

ԵՄԷՆ

Հոս գոյավիճակը աւելի վատթար է։ Ընդդիմադիր շիի դաւանանքին պատկանող Հութի ցեղախումբերը մնայուն ընդհարումի մէջ են Սանաայի կեդրոնական իշխանութեան դէմ, ու կը տիրապետեն բաւական ընդարձակ շրջաններու վրայ։ Անոնք զօրավիգը կը վայելեն Իրանի։

Սէուտական Արաբիա, որուն կը դաշնակցին յատկապէս Յորդանան, Մարոք ու Մ. Նահանգներ, կը շարունակէ անխնայ ռմբակոծումի ենթարկել վերոյիշեալ Հութի ցեղախումբերու շրջանները, ստեղծելով մարդկային լայնածաւալ ողբերգութիւն։ Այսպէս, 22 միլիոն բնակչութեան 25 առ հարիւրը կը կարօտի մարդկայնական հիմնական օժանդակութեան, սնունդի  ու բժշկական խնամքի։ Շուրջ 8 միլիոնը սովի մատնուած է, իսկ 400,000 մանուկներու կեանքը լրջօրէն վտանգուած է։

 

ՍՈՒՐԻԱ

Աւելի քան երեսուն տարիներէ իվեր, Սուրիոյ քաղաքական թէ զինուորական իշխանութիւնները (Հաֆէզ Ասատի օրով) կը ղեկավարէին փոքրամասնական,– շուրջ 12 առ հարիւրը բնակչութեան,– շիի համայնքին պատկանող քաղաքական ու զինուորական դէմքեր։

«Արաբական գարուն»ը բացառիկ առիթը կ՚՚ընծայէր Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական թերակղզիի սիւննի էմիրութիւններուն փորձել տապալելու Հաֆէզի տղուն՝ Պաշար Ասատի իշխանութիւնը։ Ասոնք, սուրիական բանակի ըմբոստացող զինուորականներու խմբակին, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներէ վարձկան զինեալներու (Կեդրոնական եւ հարաւային Ասիոյ իսլամ պետութիւններէն, Փաքիստանէն, Ինտոնեզիայէն, Էրիթրէայէն, եւրոպական երկիրներէ, Ամերիկայէն) հայթայթեցին առատ զինամթերք ու պիւտճէ։

Միւս կողմէ, սակայն, սուրիական իշխանութեանց դիմումին ընդառաջելով, օգնութեան փութացին Ռուսաստանը՝ օդանաւային ռմբակոծումներով ու ցամաքային հրթիռարձակումով։ Օժանդակից եղաւ նաեւ Պարսկաստանը, իր յատուկ ջոկատներով եւ հովանաւորած Հըզպալլայի զինեալ հրոսակներով։

 

ԻՐԱՔ

Երկրին արեւմտեան սահմաններու երկայնքին, եւ հիւսիսային մասին մէջ, Իսլամական Պետութեան զինեալները, նախնական յաղթանակներէ ետք, ընկրկեցան, չդիմանալով ամերիկեան ու դաշնակից օդուժի ռմբակոծումներուն, ու ցամաքի վրայ, երկրի բանակին մատուցուած թեքնիք օժանդակութեանց։ Իրաքի զինեալ քիւրտերը, Իրանի օժանդակութիւնը վայելող տեղացի շիի միլիցիաները, իրենց լրացուցիչ օժանդակութիւնը բերին Իսլամական Պետութեան կռուողներուն դէմ, մանաւանդ Հիւսիսային Իրաքի վերագրաւումի մարտերուն։ Լրացուցիչ կերպով, յայտնենք թէ Հեշտ-ըլ-Շաապի շիի միլիսները, Քըթայէպ Հըզպալլան, Ասաիպ Էհլ-էլ-Հաք ու Պետր կազմակերպութիւնը, սերտ կապեր ունենալով Իրանի Քոտսին հետ, պարսկական քաղաքականութեան կողմնակից են։

 

ԻՍՐԱՅԷԼ
Հրեաները մտահոգ են Կոլանի շրջանին մէջ, եւ անոր հարեւանութեան, իրենց սահմաններու երկայնքին գործող Հըզպալլայի զինեալ մարտերուն մասնակցութեան համար Սուրիոյ մէջ։ Պատրուակելով այլազան վտանգներ, իսրայէլեան օդռւժը եւ հրետանին, ատենը մէկ, անակնկալ ռմբակոծումներ կը շարունակեն կատարել Հըզպալլայի  կեդրոնացումներուն եւ իրանեան ջոկատներու զինանոցներուն վրայ, զգուշանալով միջադէպեր ունենալէ ռուսական օդուժին հետ։ Հարկ չկայ յիշատակելու, թէ անիկա պարբերաբար կը մղէ Մ. Նահանգները հրապարակային իրեն նպաստաւոր դիրքորոշումներ կատարելու։

 

Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

Ամերիկա խարսխուած է մասնաւորաբար Աքապայի ծոցին՝ Պահրէյնի մէջ զօրաւոր նաւատորմիղով, ու լրացուցիչ ներկայութիւն ալ կը պահէ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրաքի մէջ, առանց բացայայտելու իր ընդհանուր, յստակ կեցուածքը Սուրիոյ տագնապին լուծման կապակցութեամբ։ Իր դիրքորոշումէն կախեալ են նաեւ Արաբական ծոցի երկիրներուն, Յորդանանի ու Թուրքիոյ կեցուածքները։

 

ԹՈՒՐՔԻԱ

Էրտողան նեղ կացութեան մատնուած է Մ. Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները ձգտուած ըլլալով։ Անիկա մտահոգ է իր հարաւային սահմաններու ապահովութեամբ, Աֆրինէն մինչեւ Մենճիպ, ուր կը գործեն սուրիացի քիւրտերու «Ժողովրդային պաշտպանութեան միաւորները» (YPG), ու Սուրիոյ Տեմոքրաթ ուժերը» (SDF)։

Սուրիոյ մէջ (Ռաքքա, Տէր Զօր) հռչակուած Խալիֆայութիւնը անփառունակ պարտութեան մատնուելով, կործանումէ ճողոպրած անոր մնացուկները միացան Սուրիոյ ծայրայեղ զինեալներուն, որոնք ընկրկեցան սուրիական բանակի գրոհներուն դէմ, ու ներկայիս Իտլիպ դարձած է անոնց վերջին ապաստանը։ Իտլիպ ունի շուրջ 3 միլիոն բնակիչ։ Հոն կը տիրապետեն շուրջ 10,000 զինեալ հաշուող վերոյիշեալ ծայրայեղական զինեալները։

Թուրքիա ու Մ. Նահանգներ կը սպառնան հակադարձել, եթէ քիմիական զէնք օգտագործուի։ Ներկայիս առկախուած են ռմբակոծումները։

Թուրքիա շուարումի մատնուած է, մտահոգուած Իտլիպի ժողովուրդին հաւանական արտագաղթով, ու տեղւոյն զինեաներու փախուստէն դէպի Թուրքիա։ Ձգտեալ կացութիւն մը կը տիրէ Իտլիպի շրջանին մէջ։

Եթէ վերսկսին յիշեալ քաղաքին ռմբակոծումները, եւ ապա՝ գրաւումի գործողութիւնները, դէպի Թուրքիա արտագաղթը պիտի զօրանայ, ճակատային բախումները պիտի սաստկանան, ծայրայեղ զինեալները մղելով մահու կենաց վերջին գուպարին։

***

Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ, մշակութային ու պատմական թանկագին կոթողները, որոնք խորհրդանշական, անհերքելի վկաներն էին մարդկութեան զարգացման, միանգամընդմիշտ կործանումի ենթարկուեցան։ Այս երկիրներու ժողովուրդները զանգուածային տեղահանութեան, մասնակի եւ հաւաքական ջարդերու ենթարկուեցան։ Մարդկային քաղաքակրթութիւնը նահանջ արձանագրեց։

Ռուսաստան եւ Իրան կը թուին զօրացուցած ըլլալ ազդեցութեան իրենց գօտիները, առաջինը՝ հարաւային Կովկասի մէջ, իսկ երկրորդը՝ Պարսկաստանէն դէպի Իրաք մինչեւ Սուրիա։

Թերեւս կարելի ըլլայ կայունացնել տիրող կացութիւնը փոխ-զիջումներով ու դրական մօտեցումի ճամբով։

Միջին Արեւելքի բարդ տագնապը, տակաւին, անորոշութեան շրջան մը կը բոլորէ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին