(*) -Ա-
ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Յաջորդական չորս թիւերով կը սկսինք հրատարակել «Նոր Օր»ի խմբագրութեան անդամ, նախկին գլխաւոր խմբագիր, հմուտ մտաւորական Դոկտ. Մինաս Գոճայեանի «զգօնութեան հրաւէրը», որ անգամ մը եւս լոյսին կը բերէ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան անցեալն ու անոր կիսատ մնացած առաքելութիւնը։
Հեղինակը եղած է երկարամեայ կրթական մշակ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան (Նիկոսիա), Մանուկեան-Տեմիրճեան (Լոս Անճելըս), Սրբոց Թարգմանչաց եւ Ժառանգաւորաց (Երուսաղէմ) վարժարաններէն ներս, ինչպէս նաեւ օտար կարգ մը հաստատութիւններու մէջ։ Հրապարակած է հարիւրաւոր մանկավարժական եւ գրական-բանասիրական յօդուածներ։ Աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրութեան եւ գրականութեան բաժինները, ինչպէս նաեւ ԵՊՀ Պատմութեան բաժնի Աղբիւրագիտութեան բաժանմունքը։
Կրճատումներ.- ՀԲԸՄ – Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն
ՄԿՀ – Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն
ԵՊՀ – Երեւանի Պետական Համալսարան
ՀՀ – Հայաստանի Հանրապետութիւն
Սոյն յօդուածաշարքով փափաքս է զգօն պահել Հայաստանի եւ սփիւռքի հայ հասարակութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական այրերը, հոգեւոր դասը եւ մտաւորականութիւնը ՄԿՀ-ի հարցով, թէ հարկաւոր է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել այս հաստատութեան անսպառ հնարաւորութիւններուն վրայ, որովհետեւ Եւրոպական Միութեան մէջ Կիպրոսի հանրապետութիւնը հայութեան համար յատուկ ռազմավարական նշանակութիւն ունի տարածաշրջանին մէջ. երկրին ժողովուրդը բարեացակամ եղած եւ է հայութեան հանդէպ, հանրապետութեան պետական այրերը աւանդականօրէն կը վարեն հայասէր քաղաքականութիւն՝ նպատակ ունենալով պահել հայ փոքրաթիւ գաղութը այս կղզիին վրայ։ Կիպրոսի հանրապետութիւնը աշխարհագրականօրէն մօտ ըլլալով տակաւին իր շունչը չաւանդած Միջին Արեւելեան հայագաղութներուն եւ մանաւանդ Հայաստանի Հանրապետութեան, բազմաթիւ հանարաւորութիւններ կը պարզէ հայ ժողովուրդի ազգային շահերու տեսակէտէն։
Նոր ժամանակներու արագ թաւալումին հետ, համակարգչային եւ համացանցային արագաշարժ փոփոխութիւններուն զուգընթաց, ՄԿՀ-ը կարելի է վերակառուցել ու յարմարցնել դարուս պահանջներուն՝ անսահման օգուտներ քաղելով ճիշդ ու առարկայական ծրագրաւորումներու պարագային։
Պատմական համառօտ ակնարկ
Ժամանակի թաւալումին հետ, ինչպէս նաեւ տասը տարիէ ի վեր իր դռները փակած ՄԿՀ-ի մասին յիշողութիւնը սկսած է խամրիլ դժբախտաբար։ Փայլուն սերունդը 1940-ական, 50-ական թուականներու վաղուց սկսած է իր հրաժեշտը տալ այս աշխարհին, որուն պատճառով նոր սերունդները, հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին, քիչ կը լսեն այս եւ այլ փառապանծ հաստատութիւններու մասին։
ՄԿՀ-ը կը պատկանի յետ-ցեղասպանութեան տարիներու կրթական այն հաստատութիւններու շարքին, որոնք ամէնէն համեստ պայմաններու մէջ սերունդներ դաստիարակեցին եւ զանոնք առաքեցին սրբազան ծառայութեան։
ՄԿՀ-ը իր դռները բացաւ 1926-ին Կիպրոսի Նիկոսիա մայրաքաղաքին մօտ (այժմ քաղաքին տարածքին մէջ կը մտնէ)։ Հաստատութիւնը հիմնուեցաւ շնորհիւ կեսարացի Գրիգոր եւ Կարապետ աղա Մելգոնեաններու առատաձեռն նուիրատուութեան (կտակ), որպէսզի այս հաստատութեան մէջ պատսպարուին որբերը, արհեստներ սորվին, ուսում ստանան եւ վերընձիւղուին։ Կտակին գործադրութիւնը արդարօրէն յանձնուեցաւ ՀԲԸՄ-ին (այն ատեն Միութեան նախագահն էր հիմնադիր Պօղոս Նուպար Փաշա, Եգիպտոս)։
Կարճ ատենուան մէջ որբանոց-կրթական հաստատութիւնը օժտուեցաւ նոր ծրագիրներով, հաստատուեցաւ Մանկավարժական բաժինը, որուն շրջանաւարտները մեծաւ մասամբ նուիրուեցան ուսուցչութեան, լրագրութեան եւ ազգային կառոյցներու հզօրացման։ Առաջին տասնամեակներու շրջանաւարտներէն շատեր ներգաղթեցին հայրենիք, սակայն յատկապէս Բ. Պատերազմէն ետք Մելգոնեանցիները հոծ թիւով մեկնեցան Հայաստան եւ իրենց մասնագիտական ծառայութիւնը բերին Հայրենիքի վերելքին։ Յիշենք կարգ մը անուններ՝ Կարպիս Սուրէնեան (Սարկաւագեան, գրող, հրապարակագիր եւ թարգմանիչ), Գրիգոր Քէշիշեան (գրող, թարգմանիչ եւ Սովետահայ Հանրագիտարանի խմբագիր), Շաքէ Վարսեան (լրագրող եւ հրապարակագիր), Յակոբ Յակոբեան (նկարիչ), Վահէ Բարթիկեան (Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող), Մեսրոպուհի Մեսրոպ Թանգարանեան (մանկավարժ) եւ շատ ուրիշ երախտաւորներ։ Սփիւռքի տարածքին նոյնպէս ՄԿՀ-ի շրջանաւարտներ իրենց զգալի աւանդը ունեցան, որոնցմէ յիշենք Գերսամ Ահարոնեանը (վաստակաշատ խմբագիր եւ ազգային-հասարակական գործիչ), Սմբատ Տէվլէթեան (Տէրունեան, ազգ.-հասարակական գործիչ եւ բանաստեղծ), Զարեհ Մելքոնեան (մանկավարժ, դպրոցի տնօրէն, բանաստեղծ), Օննիկ Սարգիսեան (մանկավարժ, խմբագիր եւ դպրոցի տնօրէն), Փանոս Թիթիզեան (ազգային-հասարակական գործիչ), Բարսեղ Թուղլաճեան (մշակոյթի պատմաբան, Թուրքիա), Պօղոս Մատուռեան (մանկավարժ, բանաստեղծ), Թորոս Թորանեան (գրող, հրապարակագիր), Անդրանիկ Փոլատեան (խմբագիր), Սեպուհ Աբգարեան (երկարամեայ մանկավարժ, արուեստի ուսուցիչ, խմբավար, «Գոհար» համոյթի գլխաւոր ղեկավար), Սօսի Պետիկեան (մանկավարժ, դպրոցի տնօրէն) եւ դեռ կարելի է երկարել շարքը ՄԿՀ-ի երախտաւոր սաներու։
Արդար ըլլալու համար պէտք է յիշել նաեւ 70-80-ական թուականներու կարգ մը շրջանաւարտներ, որոնք մինչեւ օրս կը ծառայեն հայ ազգին։ Կրկին յիշենք կարգ մը անուններ. Հայկ Սարգիսեան (դպրոցի տնօրէն, խմբավար, Փարիզ), Հայարփի Տէմիրճեան (մանկավարժ-դաստիարակ, Կիպրոս), Մակի Հալաճեան (ուսուցչուհի, դաստիարակ, Կիպրոս), Վիոլէթ Նալչաճեան (ուսուցչուհի, դաստիարակ, Կիպրոս), Թոնիա Ինճիրճեան (ուսուցչուհի, դաստիարակ, Կիպրոս) Արմէն Իւրնէշլեան (մանկավարժ, հրապարակախօս, գրականագէտ, Պէյրութ), Հրաչ Սեփեթճեան (ուսուցիչ, մանկավարժ, «Նոր Օր» շաբաթաթերթի գլխ. խմբագիր, Պէյրութ-Քալիֆորնիա), Էլէնոր Թահմազեան (ուսուցչուհի, դաստիարակ, Քալիֆորնիա), Գէորգ Յակոբեան (սիրուած ուսուցիչ, մանկավարժ, Պէյրութ-ԱՄՆ), Վարդգէս Գուրուեան (ուսուցիչ, դաստիարակ, տնօրէն), Ալիս Գուրուեան (ուսուցչուհի, դաստիարակ, Կիպրոս-ԱՄՆ)։
ՄԿՀ-ը այն վտակն էր, որուն շնորհիւ սփիւռքը կը սնուէր իր հոգեւոր եւ դպրոցական պէտքերը հոգալու համար։ Այսօր, արդէն տասը տարիէ ի վեր ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան վերջին երկու նախագահներու եւ անոնց վարչական կազմի աշխատակիցներու կողմէ ՄԿՀ-ը նկատուեցաւ որպէս իր առաքելութիւնը աւարտած կրթական հաստատութիւն մը, որ բեռ մըն է (եղեր) ՀԲԸՄ-ի ուսերուն վրայ ու փակուեցաւ։ Կը ծրագրուի եւ հանրութեան ալ կ՚ըսուի թէ Հաստատութեան վաճառքէն ստացուած միլիոններով կարելի է ՀՀ-ի մէջ հիմնել այլ ազգօգուտ հիմնարկներ եւ կամ կարելի է իրագործել այլ ծրագիրներ։
Հաստատութեան տարածքը ցարդ չէ յաջողուած վաճառել (բարեբախտաբար), այս ընթացքով ալ դեռ երկար ատեն պիտի մնայ լիմպոյի մէջ։
Յաջորդիւ պիտի շարունակենք յայտնել մեր տեսակէտներն ու առաջարկութիւնները ՄԿՀ-ի հարցով, յուսալով որ ՀՀ-ի նոր սերունդը, նոր իշխանութիւնները յատկապէս, եւ սփիւռքեան կառոյցները տեղեակ դառնան մեր ներկայացուցած այլընտրանքին։
(*) Սոյն յօդուածաշարքի համար հիմնական դրդապատճառ ու շարժառիթ հանդիսացան Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի հետաքրքրութիւնները ՄԿՀ-ի հարցով (Կիպրոս եւ ԱՄՆ)։ Հետեւաբար, անհրաժեշտութիւն նկատեցինք անգամ մը եւս հայ հասարակութեան ուշադրութիւնը բեւեռել այս պատկառելի կրթական հաստատութեան վրայ։