Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Ճանապարհ՝ Հայաստան

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Տակաւին Վան ենք եւ երեկոյ: Քաղաքին ժխորը հանդարտելու նշոյլ ցոյց չէր տար եւ մենք կը քալէինք այդ անցուդարձ իրարանցումին մէջ, կարծէք Հայաստան ըլլայինք: Մեզի վստահութիւն ներշնչողը ժողովուրդին պահպանողականութիւնն էր մեզի հանդէպ եւ անոնց զգուշութիւնը: Կարծէք նախօրօք թելադրուած էին այդ ուղղութեամբ: Հակառակ անոր որ այդ հին եւ նոր սերունդի պատկանող բնակչութիւնը, իրենց դասագիրքերուն մէջ տարբեր պատմութիւններ ուսանած էին, անտեղեակ էին հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ այլ պատահարներու, որոնք վստահօրէն զանց առնուած կամ խեղաթիւրուած էին պետական հրահանգներով… եւ սակայն, անոնք շատ լաւ գիտէին թէ ինչ պատահած էր համաշխարհային առաջին պատերազմի ընթացքին՝ այսօր, իրենց բնակած այս երկրին մէջ: Խանութպանները, ճաշարանի, պանդոկներու տէրեր եւ անցորդներ, կարծէք զղջացած հայեացքներով կը դիտէին մեզ, մեզի բարի գալուստ մաղթելու համար «սիզին էսկի մէրմէքէթի» (ձեր նախկին հայրենիքը) : Իսկ տիկինս, հրաշքով կարծէք, թրքերէնի մասնագէտ դառնալով, անոնց կ՚ըսէր, «Էւէտ, պու պիզիմ մէրմէքէդիմ տըր, տըխադ ոլսընընզ, պիր կիւն կէրի կէլէճէյիք»: (Այո՛, այս մեր երկիրն է, ուշադիր եղէք անոր, որովհետեւ օր մը կրկին պիտի վերադառնանք): Իսկ քիւրտ վաճառականը ականջէ ականջ երկարող ժպիտով մը կը ժպտէր ըսելով «հոշ կէլտինիզ, սաֆա կէլտինիզ մատամ» (բարի եկաք տիկին):

Որքանո՞վ հարազատ էր այդ քիւրտ մարդը, անհասկնալի էր: Արդեօ՞ք կեղծ էր կամ կրնա՞ր ըլլալ նաեւ որ ան զղջացած իր նախահայրերու կատարած անիրաւութիւններէն, կամ այլեւս ձանձրացած թրքական լուծէն եւ շատ շատերու նման  փախուստ կը փնտռէր տարբեր վարչակարգի մէջ: Բայց չէ՞ որ ինք շատ լաւ գիտէր թէ իր նախահայրերը հանգիստ էին եւ ապահով հայերու մօտ, հազիւ 100 տարի առաջ: Ի՞նչ սխալ բան պատահեցաւ որ մինչեւ այսօր, անոնք չկարողացան տիրանալ իրենց խոստացուած աւարին: Բայց անշուշտ միշտ ներկայ էր նաեւ՝ կեղծիքն ու վաճառականական շահի հետապնդումը:

Մութն ինկած էր արդէն եւ մեր խմբակը ուղղուեցաւ դէպի պանդոկ:

Վաղ առաւօտ պէտք էր մեկնէինք դէպի Մուշ:

***

Յաջորդ առաւօտ, մեր ճանապարհին դէպի Մուշ, շեղեցանք դէպի  Տաթվան փոքր քաղաքը, որ տակաւին իր հայկական անունը կը պահէր, որմէ անցնելով ուղղուեցանք դէպի Նէմրուտ լեռի շրջան, Նէմրուտ լիճի բարձունքը, շրջանցելով Վանայ լիճի արեւմտեան  ափը: Այդ վեհաշուք բարձունքին վրայ կանգնած կը դիտէինք մէկ կողմէն Վանայ եւ միւս կողմէն Նէմրուտ լիճերը. վերջինը կարծէք ապաստան գտնելով իր անուան լեռան ստորոտը, ծուարած էր լուռ ու մունջ, հայեացքներէ հեռու: Կը գտնուէինք Մեծ Հայքի լեռնաշղթաներուն վրայ, ուր հայ ժողովուրդը բնակութիւն հաստատած էր քանի մը տասնեակ դարեր առաջ, մարդկութեան տալու համար քաղաքակրթութիւն ու գիտելիք, փոխարէնը ստանալու համար հալածանք ու չարիք:

Լեռան բարձունքէն վար իջանք այն նոյն տպաւորութեամբ, որ կ՚ունենայինք ամէն մէկ հայկական հնութեան կամ հետքի այցելութենէ ետք, տխուր ու տարտամ:

Շարունակեցինք մեր ճանապարհը դէպի Մուշ, կրկին ճամբան շեղելով դէպի Մեղրագետ գետը: Թուրքերը այժմ գետը կը կոչեն Քարասու, սեւ ջուր եւ անոր վրայ, մէկ եզրէն միւսը կախած են տախտակամած օրօրուն կամուրջ մը. այդ կամուրջը այժմ դարձած է զբօսաշրջիկութեան կեդրոն: Գեղեցիկ էր տեսարանը իր ջրվէժով, ուր խուռներամ բազմութիւն մը  կը զբօսնէր կամուրջին վրայէն դէպի մէկ կամ միւս ափը անցնելով, հանգստանալու համար ցամաքին վրայ հաստատուած սրճարաններէն մէկուն մէջ: Բաւական ժամանակ զբօսնելէ ետք, ճամբան շարունակեցինք դէպի Մուշ, այս անգամ առանց դադարի:

Սովորական ճանապարհային թրքական բանակային ստուգումներէն ետք մտանք Մուշ: Կէսօր էր եւ պէտք էր ճաշէինք: Սակայն պտոյտի առաջնորդը թելադրեց նախ այցելել հայկական վայրերը, եւ ապա նստիլ ճաշի: Ուստի ճանապարհը շարունակելով հասանք քաղաքին կեդրոնը գտնուող բերդի շրջան: Ինչպէս յիշեցի նախկին գրութիւններուս մէջ, Թուրքիոյ մէջ համարեա բոլոր բերդերը վերածուած էին զինուորական զօրանոցներու, պահեստներու կամ՝ փակուած էին հանրութեան առջեւ ինչ-ինչ պատճառներով:

Հազիւ կրցանք բերդը դիտել արտաքին իր երեւոյթով, որուն շրջապատի նեղլիկ ու խճողուած պողոտային վրայ թեքուած պատերը սեւցած էին ինքնաշարժներու ծուխէն կամ անհոգութենէն:

Այդ խճողուած փողոցներէն անցնելով պիտի հասնէինք Մուշ քաղաքի հնագոյն եկեղեցիներէն մին, որ կառուցուած էր 15-րդ դարուն:

 

Շար. 8

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին