Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութիւններ եւ «Երեւանեան գիշերներ»

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Օգոստոս 23-ին տօնական զգեստ հագած էր ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը։ Վերամուտ էր եւ աւելի քան 750 աշակերտներ, իրենց ծնողներով, ուսուցչակազմով, տնօրէնութեամբ եւ Հոգաբարձական կազմով մեկնարկը տուին 2018-2019 կրթական տարեշրջանին։ Խօսք առին ազնուափայլ տնօրէնուհի Տիկ. Արփի Աւանէսեան, Հոգաբարձական կազմի նոր ատենապետ Պրն. Գէորգ  Քեւըն Զօրեան, Արժ. Տ. Շնորհք աւագ Քհնյ. Տէմիրճեան, Աշակերտական Խորհուրդի ատենապետն ու փոխատենապետը։ ՀԲԸՄ-ի Արտեմիս Նազարեան Ծաղկոցէն մինչեւ համալսարանական ասպարէզ նետուող տղաքն ու աղջիկները մուտք գործելով իրենց դասարանները, ճամբայ ելաւ կրթական նոր տարեշրջանը։

 

Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութիւններ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20-ին դպրոցէն ներս տեղի ունեցան երեք միջոցառումներ, նշելով մեր սիրելի հայրենիքին անկախութեան 27-րդ տարեդարձը։

. «Հայ ոգի» տիկնանց յանձնախումբը զոօսանքին հրամցուց աւանդական դարձած հատիկ, հայկական երգ-երաժշտութեան հնչիւններուն տակ։

. Միջնակարգ-երկրորդական դասարանները հաւաքուելով Աղաճանեան հանդիսասրահ, նշեցին Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը։ Արդէն սովորութիւն դարձած է, որ 11-րդ դասարանցիներ պատմեն Հայաստան կատարած իրենց այցելութեան տպաւորութիւնները, փոխանցեն օրուան խորհուրդը եւ ցուցադրեն հայաստանեան իրենց նկարներն ու տեսանիւթը։ Այս տարին կը տարբերուէր նախորդներէն անկախութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով։ Միջնակարգի “Glee club” երգչախումբը հանդէս եկաւ Երեւանին ու Հայաստանին նուիրուած երգերով, գլխաւորութեամբ իրենց ուսուցչուհիին՝ Տիկ. Քրիստինա Խոջոյեանին։ Պարախումբին ելոյթները եկան աւելի խանդավառելու աշակերտները։

 . Մանկապարտէզէն հինգերորդ դասարանցիներ ելոյթ ունեցան դասարանային արտասանութիւններով, երգչախմբային հայրենասիրական խմբերգներով եւ նազելաճեմ ու խրորխ պարերով։ Անոնք վայելեցին նաեւ 11-րդ դասարանին անցեալ Մայիսին Հայաստան կատարած այցելութեան տեսանիւթը, ինչպէս նաեւ իրենց դասընկերներէն Անթընի Պեսնիլեանին պատրաստած տպաւորութիւնները Հայաստանէն։

Շնորհաւորելի են հայերէնի բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, ինչպէս նաեւ նախակրթարանի երգչախումբի ղեկավար Օրդ. Արուս Անդրէասեանն ու պարուսոյց Արա Մելքոնեանը։

. Նոյն օրը իրենց իսկ պատրաստած անհատական թէ խմբային եռագոյն դրօշակներով Արտեմիս Նազարեան Ծաղկոցի երեխաները քայլերթ կատարեցին, հայրենասիրական երգերու տակ պարեցին, որմէ ետք Տիկ. Անի Քէշիշեան իրենց հասկնալի լեզուով փոխանցեց օրուան խորհուրդը, տալով դրօշակին գոյներուն բացատրութիւնը։ Երեխաներուն բաժնուեցաւ նաեւ հայկական-տօնական գաթա։

 

«Երեւանեան գիշերներ»

«Երեւանեան գիշերներ» անունը կրող տօնական հացկերոյթ-խրախճանքը ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին մնայուն ծրագիրներէն մէկն է, որ արդէն 7-րդ տարին ըլլալով կը նշուի դպրոցին շրջափակէն ներս, նուիրուած Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին։ Այս տարի տարբեր չեղաւ նախորդներէն, եւ Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28-ի գիշերը անմոռանալի օր մը հանդիսացաւ ներկաներուն համար։

Վարժարանիս տնօրէնութիւնը, գրասենեկային պաշտօնէութիւնը, «Հայ ոգի» տիկնանց յանձնախումբը եւ Հայերէնի բաժանմունքը միասնաբար կազմակերպած էին այս տարուան խրախճանքը, որուն ներկայ գտնուեցան 400 հիւրեր եւ հարիւրեակ մը աշակերտներ։

Աւանդական դհոլ-զուռնայով պարախումբը մուտք գործեց պարահարթակ, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիրը։ Հանդիսավար Պրն. Հրաչ Սեփեթճեան բարիգալստեան խօսքեր արտասանելու հրաւիրեց «Հայ ոգի» տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Ասլին Դուրեանն ու Տիկ. Քրիսթին Մանսուրեանը, որոնք հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով ողջունեցին հիւրերը։ Իր պատգամը ուղղեց եւ սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, Արժ. Տ. Շնորհք աւագ Քհնյ. Տէմիրճեան։

Երկրորդ եւ երրորդ դասարանցիներէն կազմուած պարախումբը թնդացուց բակը «Գետաշէն» պարով, որուն յաջորդեց 7-րդ դասարանցի Լիլիա Անտոնեանի բացառիկ մեներգը՝ «Հայաստանի երգը»։ «Արտաշատ», «Զեփիւռ» եւ «Զուռնի» պարերով եւ Միջնակարգի “Glee club”-ի «Երեւան» երգով գագաթնակէտին հասան տրամադրութիւնները։ Գեղարուեստական մասի աւարտին, արուեստագէտները դհոլ-զուռնայով անգամ մը եւս մուտք գործեցին բեմ, եւ պարախումբի անդամները ոտքի անգամ մը եւս ցուցադրեցին իրենց արուեստը։

Յատկանշական է, որ օրուան երգերու բաժինը (D.J.) վստահուած էր աշակերտներու, որոնք լաւագոյնս կատարեցին իրենց պարտականութիւնները մինչեւ ուշ գիշեր խանդավառ պահելով պարահարթակը։ Օրուան հիւր երգիչն էր հայ թէ օտար բեմերու փնտռուած երգիչ Ժոզէֆ Գրիգորեան, որ հանդէս եկաւ ազգային, հայրենասիրական եւ ժողովրդական ճոխ երգերով։

Բացառիկ երեկոյ մը, ուր ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ ներկաները մեծ գոհունակութիւն ստացան։ Ճաշի սպասարկութիւնը վստահուած էր «Սալբի»-ին, իսկ սեղաններուն վրայի նռնենիները բաժին հասան բախտաւորներուն։

Այստեղ, մեր պարտքն է շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ, մասնակցութեամբ, քաջալերանքով եւ աշխատանքով նպաստեցին «Երեւանեան գիշերներ»ու յաջողութեան։ Յատուկ շնորհակալութիւններ տիկիններ Լորի Սվաճեանին եւ Ասլին Դուրեանին։ Մեր գլխաւոր շնորհակալութիւնը տնօրէնութեան՝ Տիկ. Արփի Աւանէսեանին, որուն շուրջ համախմբուած կազմը ոչինչ կը խնայէ, որպէսզի ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը շարունակէ բարգաւաճիլ եւ պտղաւորուիլ։

 

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին