Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Հոկտեմբեր 14-ին Ստեփանակերտի Մէջ Պիտի Կազմակերպուի Բերքի Տօնը

ԱՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Հոկտեմբեր 14-ին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ պիտի կազմակերպուի Բերքի տօնը:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ ԱՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Աշոտ Դանիէլեան ըսած է, որ իրականացուելիք Բերքի տօնին մասնակցելու համար իրենք ստացած են 1200 յայտ:

Անոր խօսքով՝ մայրաքաղաքի Վերածնունդի հրապարակին եւ յարակից փողոցներուն վրայ պիտի տեղադրուի շուրջ  600 տաղաւար, ուր մարդիկ պիտի ներկայացնեն իրենց գիւղատնտեսական արտադրանքը:

«Այս տարուան Բերքի տօնին կը նախատեսենք հանրապետութեան բոլոր շրջանները ներկայացնող շուրջ 170 համայնքներու մասնակցութիւնը: Տօնին պիտի մասնակցի  նաեւ շուրջ 30 տնտեսավարող: Մենք ձեռնարկի մասնակիցները պիտի յորդորենք իրենց արտադրանքը վաճառելու հնարաւորինս մատչելի գիներով՝ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ անոնց ճանապարհի ծախսերուն համար անվճար պիտի տրամադրուի անհրաժեշտ վառելիք: Բայց գիւղամթերք արտադրողին մենք չենք կրնար գին պարտադրել»,-աւելցուցած է Ա. Դանիէլեան:

Խօսելով տօնին կազմակերպուող մշակութային բաժիններուն մասին՝ Դանիէլեան ըսած է, որ նախատեսուած է յագեցած համերգային ծրագիր: Իւրաքանչիւր շրջան հանդէս պիտի գայ իր մշակութային ծրագիրով. լաւագոյն շրջանն ու համայնքը պիտի խրախուսուին գիւղատնտեսական նախարարութեան կողմէ։

Ըստ Ա. Դանիէլեանի՝ այս տարուան Բերքի տօնին ծրագիրը նախորդներէն պիտի տարբերի աւելի յագեցած, ընդգրկուն եւ աննախադէպ ըլլալով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին