Կիրակի, 01. 03. 2026

spot_img

Հայաստանի Մէջ Ֆրանքոֆոնիայի Գագաթնաժողովի Օրերը Կառավարութիւնը Կը Յայտարարէ Ոչ Աշխատանքային

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի մէջ Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովի օրերը` Հոկտեմբեր 7-էն կ’ըլլան ոչ աշխատանքային: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` «Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը ներկայացուած է ՀՀ կառավարութեան Հոկտեմբեր 4-ի նիստին:

«2018 թուականի Հոկտեմբեր 7-էն Հայաստանի մէջ կը սկսին Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս նախատեսուող միջոցառումները: Ֆրանքոֆոնիայի 17-րդ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Հայաստանի մէջ կ’ըլլան աւելի քան 80 անդամ պետութիւններու եւ կազմակերպութիւններու պատուիրակութիւններ, այդ կարգին՝ 25-էն աւելի պատուիրակութիւնները՝ պետութեան ղեկավարներու մակարդակով:

Հաշուի առնելով վերը նշուածը եւ գագաթնաժողովի կայացման օրերուն Երեւան քաղաքի փոխադրամիջոցներու երթեւեկութիւնը արդիւնաւէտօրէն կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը՝ նպատակայարմար կը համարենք Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովի օրերը համարել ոչ աշխատանքային՝ փոխարինելով զանոնք յաջորդող շաբաթ օրերով»,- նշուած է նախագիծի հիմնաւորման մէջ:

Ֆրանքոֆոնիայի 17-րդ գագաթնաժողովը Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ 2018 թուականի Հոկտեմբեր 11-12:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին