ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
ՌԱԿ-ի 100-ամեակը հանգրուան մըն է, որ ունի առանցքային նշանակութիւն հայ ժողովուրդի վերջին մէկուկէս դարու պատմութեան մէջ, այնտեղ՝ երբ 1885-ին հայ քաղաքական միտքը ծնունդ կու տար «Արմենական Կազմակերպութեան»՝ հիմնադիր երեք Մկրտիչներու (Խրիմեան-Փորթուգալեան-Աւետիսեան) անխախտ հաւատքով, որմէ ետք ծնունդ առին ՍԴՀԿ եւ ՀՅԴ կուսակցութիւնները:
Արդարեւ, ՌԱԿ-ի բաղկացուցիչ տարրերը, ըլլալով հարազատ զաւակները Արմենական քաղաքական մտածողութեան, իբրեւ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ գոյառնող առաջին կուսակցութիւն, խորքին մէջ հաւատարմօրէն շարունակեցին Արմենականներու հայրենասիրական գիտակից յանձնառութիւնները, յատկապէս շեշտադրելով խորաթափանց մտածողութիւնը իբրեւ գործելաոճ՝ փոխան զգացական պոռթկումներու: Եւ այս՝ երբ Խորհրդային կարգերը դեռ չէին բոլորած իրենց առաջին տարին:
Անստոյգ ներկայ եւ ապագայ՝ ընկերվարական Հայաստանի համար, որուն հանդէպ սփիւռքահայ «ռամկավար մտածողութեան համակրանքը» իբրեւ արտասովոր երեւոյթ պիտի դիտուէր ոմանց կողմէ:
ՌԱԿ-ի համար պահպանումը այս հաւասարակշիռ քաղաքականութեան, իբրեւ արթուն խղճմտանքը մեր ազգային ու պատմական ժառանգութեանց եւ հայրենիք-սփիւռք մշակութային փոխադարձ կապերու ամրագրման, յատկապէս ընդդիմանալով մեր ներազգային ու եկեղեցական հարցերու «քաղաքականացում»-ին օտարահաճոյ թիավարումներուն, ՌԱԿ-ի ղեկավարութեան ու մտաւորականութեան իրաւունք տուին ԻՐԱՒԱԽՈՀՈՒԹԵԱՄԲ գրել ու գործել՝ ջանալով հեռու մնալ ծայրայեղութեան վտանգալից երեւոյթներէն: Իսկապէս, անուրանալի է ԴՐԱԿԱՆ այն մեծ ԴԵՐը, զոր կատարեցին ՌԱԿ-ի առաջին 70-ամեակի ղեկավարներն ու մտաւորականները (գրող, խմբագիր) հայրենիք-սփիւռք փոխյարաբերութեանց ծիրէն ներս: Մեր գրողներն ու խմբագիրները իրաւացիօրէն կը թելադրէին հայրենի յատենի իշխանաւորներուն կառչած մնալ մեր դարաւոր հայրենիքի սրբութեանց ու ժառանգութեանց: Յիշեցումի կարգով՝ հայրենադարձի շարժումն ու Սասունցի Դաւիթ հրասայլային նուիրահաւաքը կը մնան անմոռանալի: Ահա թէ ինչո՛ւ կարողացանք հաւասարակշռել մեր «Ազգային գաղափարախօսութիւն»-ը եւ «Պետական մտածողութիւն»-ը, երբ միջազգային պայմանները թոյլատու գտնուեցան ու Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին հայրենի պետութիւնը բարձրացուց 1915-ի ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող բացառիկ յուշակոթող-թանգարանը: Այդ տարիներերէն ետք, քառորդ դար եւս ծաղկեցաւ հայ գիրն ու գեղարուեստը՝ հասնելով իր բարձրակէտին, երեւոյթ մը, որ արժանաւորապէս փոխանցուեցաւ Հայաստանի Գ. անկախ հանրապետութեան:
Արդարեւ, ամբողջ 70-ամեայ այս շրջանին, ՌԱԿ-ը իր բոլոր կառոյցներով,- անդամակցական շարքեր, կեդրոնատեղիներ, մամուլ (օրաթերթ, շաբաթաթերթ եւ գրական ամսագիր), վարժարաններ եւ այլք,- մնացին իրենց դրական բարձրութեան վրայ:
Հայրենիքի անկախութեան այս շրջանին, փոխանակ օգտուելու տիրող ժողովրդավարական «նպաստաւոր» կարգավիճակէն, սփիւռքահայը իր քաղաքական միտքն ու կամքը չկարողացաւ ներդաշնակել հայրենաբնակ պետական մտածողութեան հետ: Հոս թող ներուի ինծի տալ անձնական օրինակ մը, երբ 2002 Յունիսի 17-ին Հայաստանի Գրողներու միութեան կազմակերպած առաջին համահայկական համաժողովին, յիսնեակէ մը աւելի գրողներս, հիւրաբար գտնուեցանք Ազգային ժողովի դահլիճներէն ներս, ուր յատենի նախագահը պրն. Արմէն Խաչատրեան, իր ելոյթէն ետք պատասխանեց ներկաներէն ոմանց հարցումներուն: Իբրեւ վերջին առիթ, տողերս ստորագրողին այն հարցին, թէ անկախութեան առաջին տասնամեակին արտագաղթի հոսանքէն հայրենիքը լքած էին աւելի քան ՄԷԿ միլիոն բնիկ հայեր: Ջրվիժային այս հոսքին դիմաց,- զոր սպիտակ արիւնահոսութիւն կը կոչենք,- մինչ մենք կը մտատանջուինք, հայրենի պետութիւնը չի՞ մտահոգուիր արդեօք: ԱԺ նախագահը իր պատասխանին մէջ չդատապարտեց արտագաղթի երեւոյթը, այլ գոհացաւ մեկնողներուն կողմէ առաքուած նիւթական բարիքներով (Հմմտ. մեր «Ժամանակայոյզ խոհեր» հատորը, էջ 65, Պէյրութ 2005):
Ներկայիս, կը գտնուինք ՌԱԿ-ի 100-ամեակի սեմին:
Հարկ է, որ ամէն գնով ձերբազատուինք արդարացումներ փնտռելու եւ գտնելու մեր մղձաւանջէն:
Պէտք է ամէն գնով վերագտնենք մեր նախորդ շրջաններու (նախ քան 1995) ներքին միասնականութիւնն ու պայծառ մթնոլորտը:
Եւ ամէն գնով ՌԱԿ-ի 100-ամեակին, հայ ժողովուրդի պատմութեան դատաստանին ներկայանալ պարկեշտ հայ մարդու բաղձալի դիմագիծով:






