Շաբաթ, 14. 03. 2026

spot_img

Յունուար-Սեպտեմբեր Ամիսներուն Արցախի Հանրապետութեան Պետական Պիւտճէի Մուտքերը Աճած են. Ելեւմտական Նախարարութիւն

Ընթացիկ տարուան Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն ընթացքին՝ Արցախ Հանրապետութեան պետական պիւտճէ մուտքագրուած հարկային եկամուտները եւ տուրքերը կազմած են 39 միլիառ 935 միլիոն 400 հազար դրամ՝ ծրագրաւորուած 36 միլիառ 900 հազար դրամ ցուցանիշը գերազանցելով 8.2 %-ով կամ 3 միլիառ 35 միլիոն 400 հազար դրամով:

Այս մասին կը տեղեկացնեն ԱՀ ելեւմտական նախարարութենէն՝ նշելով, որ նախորդ տարուան նոյն ցուցանիշը գերազանցած են 52.3 %-ով կամ 13 միլիառ 719 միլիոն դրամով:

Ըստ աղբիւրին՝ աւելի հաւաքագրուած գումարէն 10 միլիառ 314 միլիոն դրամը պայմանաւորուած է «Բէյզ Մեթըլս» ՓԲԸ-ի կողմէ վճարուած հարկային եկամուտներուն աճով, իսկ 3 միլիառ 405 միլիոն դրամը ապահովուած է Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած տնտեսական աճին եւ հարկային մարմինին կողմէ իրականացուած հետեւողական վարչարարութեան իբրեւ արդիւնք:

Ի դէպ, ծրագրային առաջադրանքները գերակատարուած են բոլոր եկամտատեսակներու գծով եւ կատարուած հարկ վճարողներուն սպասարկող բոլոր ստորաբաժանումներուն կողմէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին