Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

ՀՀ Անկախութեան 27-Ամեակի Եւ Երեւան Քաղաքի Հիմնադրութեան 2800-Ամեակի Նուիրուած Տօնակատարութիւն Յորդանանի Մէջ

Ամման – Յորդանան

Ամմանի Ազգային մարզական միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ ՀՀ անկախութեան 27-րդ տարեդարձի եւ Երեւան քաղաքի  հիմնադրութեան 2800-ամեակի տօնակատարութիւն-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 27 Սեպտ. 2018-ին ԱՄՄ-ի ամառնային զբօսավայրի նորակառոյց շքեղ սրահին մէջ՝ ներկայութեամբ Յորդանանի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. տ. Աւետիս ծ. վրդ. Իփրաճեանի, ԱՄՄ-ի վարչական անդամներու եւ սրահը ծայրէ-ծայր լեցուցած Յորդանանի հայ համայնքի:

Ողջոյնի եւ բացման խօսքերով ելոյթներ ունեցան տիկ. Սիւզի Սանճեան, որ բարի գալուստ մաղթելով շնորհաւորեց ներկաները ՀՀ անկախութեան եւ Երեւանի յոբելեաններուն առթիւ: Ապա խօսք առաւ տիկ. Թալին Յակոբեան, որ, ներկայացնելով օրուան խորհուրդը, ակնարկով մը անդրադարձաւ ՀՀ անկախութեան խորհուրդին եւ քսանեօթը տարիներու ընթացքին անցած կարեւոր ճանապարհին,  հասնելով այս տարուան համայն աշխարհի օրինակելի թաւշեայ ժողովրդական յեղափոխութեան յաղթանակը, որուն նպատակն է երկրի բարեկեցութեան ու բարօրութեան համար բարեփոխութիւններ կատարել:

Տիկ. Թալին եզրափակելով իր խօսքը շնորհաւորեց բոլոր հայութիւնը այս ազգային ամենակարեւոր տօնի կապակցութեամբ՝ կարեւորելով  Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը պետութեան կայացման եւ զարգացման գործին մէջ: Այնուհետեւ տիկ. Սիւզի իր տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Համօ Սահեանի «Հայաստան ասելիս» բանաստեղծութիւնը եւ ամփոփ կէտերով ներկայացուց օրուան երգիչի կենսագրականը:

Երեկոն խանդավառեց գաղութիս հանրածանօթ երգիչ պրն. Վահէ Ծերունեանը, որ իր գրաւիչ ձայնով հայերէն եւ օտար երգերով ճոխացուց ձեռնարկը եւ ուրախ պահեց ներկաները մինչեւ ուշ գիշեր:

Օրուան անակնկալը հանդիսացաւ Ծիլա Յակոբեանի եւ Լոռի Քէչէճեանի «Դուխով» պարի ելոյթը, որ մեծապէս խանդավառեց մթնոլորտը եւ հմայելով ներկաները արժանացաւ անոնց ջերմ ծափողջոյններուն:

Տօնակատարութեան երկրորդ բաժինը կատարուեցաւ  աւանդական մոմավառութեամբ, որ օրուան հանդիսավար տիկ. Անի Քէչէճեանի կատարողութեամբ եւ ներկաներու նկատելի մասնակցութեամբ աւելի հաճելի դարձուց ստեղծուած մտերմիկ մթնոլորտը:

Ապա կատարուեցաւ 27-ամեակի կարկանդակի հատումը, որ պատիւը տրուեցաւ ԱՄՄ-ի ներկայ վարչական անդամներուն եւ նախկին ատենապետներու:

Ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ խրախճանքը շարունակուեցաւ մինչեւ առաւօտեան վաղ ժամերը, եւ ներկաները վայելեցին գաղութիս սիրուած DJ Արամ Յակոբեանին պատրաստած երգերու ճոխ հաւաքականի մը:

Պարահանդէսը աւարտեցաւ ներկաներու բարձր տրամադրութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին