«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հըզպալլա կուսակցութեան առաջնորդ Սայյըտ Հասան Նասրալլա շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Միշէլ Աունին միջազգային հանրութեան առջեւ Լիբանանի ինքնիշխանութեան կապակցութեամբ դրսեւորած դիրքորոշումին համար: Այս մասին Չորեքշաբթի փոխանցեց Հըզպալլայի երեսփոխան Մուհամմատ Ռաատ:
Ռաատ Հըզպալլայի առաջնորդի մեկնաբանութիւնները փոխանցեց Աունին Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ «Հաւատարմութիւն դիմադրութեան» պլոքի հետ հանդիպումին: Այս մասին կը հաղորդէ Ազգային լրատուական գործակալութիւնը:






