«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի, ինչպէս կը հաղորդեն նախագահի տեղեկատուական գրասենեակէն, հանդիպում ունեցաւ նախագահ Միշէլ Աունի հետ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ քննարկելու համար կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ դեռեւս չհանգուցալուծուած փակուղիի հրատապ խնդիրը:
Աւելի կանուխ, խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի յոյս յայտնեց, որ այս առումով շրջադարձային յառաջխաղացք պիտի գրանցուի շուտով: Պըրրի ընդգծեց, որ առկայ է փոխզիջում բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններուն կողմէ, ինչ որ նպաստաւոր երեւոյթ է այժմու կնճռոտ իրադրութեան հանգուցալուծման համար:
Պըրրի, իր լրատուական գրասենեակի յայտարարութեան համաձայն, դիտել տուաւ, որ Իսրայէլի նորագոյն սպառնալիքները պատահական չէին, այլ սովորական երեւոյթ իսրայէլական զաւթողական արարքի շրջագիծին մէջ:
«Իսրայէլական սպառնալիքներուն լաւագոյն պատասխանը նոր կառավարութեան կազմաւորումն ու լիբանանեան միասնականութեան դրսեւորումն է»,- ըսաւ խորհրդարանի նախագահը: