«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի մամլոյ խօսնակ Անտրէյա Թենենթի Չորեքշաբթի ըսաւ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ իրադրութիւնը կայուն կը համարուի՝ ի հեճուկս վերջին բորբոքուն յայտարարութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ Ազգային լրատուական գրոծակալութիւնը:
ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի մամլոյ խօսնակը ամենայն հաւանականութեամբ կ’ակնարկէր Իսրայէլի վարչապետի վերջին պնդումներուն, ըստ որոնց՝ Ռաֆիք Հարիրի օդակայանին մօտ հրթիռակայան հաստատուած է Հըզպալլայի կողմէ. բան մը, որ լիբանանեան պաշտօնատարներ նախագուշակ համարեցին հաւանական յարձակումի: