«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն հետապնդել իրենց խօսքի ազատութեան իրաւունքը իւրացնող քաղաքացիներուն: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութիւնը:
Թուրքիոյ մէջ երկու քաղաքացի ձերբակալուած է ընկերային ցանցերու վրայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին հնչեցուցած քննադատական հրապարակումներուն պատճառով:
Տեղեկութեան համաձայն՝ ձերբակալուածներէն մէկը նոյն մեղադրանքով ձերբակալուած էր նաեւ նախորդ տարի, սակայն պայմանականօրէն ազատ արձակուած:
Թրքական ոստիկանութիւնը խուզարկութիւններ իրականացուցած է 2 քաղաքացիներու բնակարաններուն մէջ, ապա կալանաւորած է զանոնք:
Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի համաձայն՝ երկրի նախագահը կամ «թրքականութիւնը» վիրաւորելու համար սահմանուած է պատիժ: