«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Անոնք, որոնք կ՝ուզեն, որ ՀՀ ԱԺ արտահերթ ընտրութիւնները իրականանան 2019-ին, կը փորձեն երկարաձգել ներքաղաքական ճգնաժամին ժամկէտը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ այսօր կայացած ճեպազրոյցի մը ընթացքին:
Լրագրողները հետաքրքրուած են, թէ ինչի՞ հետ կապուած է մինչեւ տարեվերջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելը, երբ խորհրդարանն ու կառավարութիւնը բնականոն կ՝աշխատին:
«Երէկ մենք տեսանք, թէ խորհրդարանն ու կառավարութիւնն ինչպէս կ՝աշխատին. օրէնքի նախագիծ բերին խորհրդարան եւ ամէն ինչ ըրին հրատապ անցնելու համար: Կ՝ըսէինք, մի երթաք այդ ճանապարհով: Ասոր մասին ըսած եմ բանաւոր, այցելած եմ Ազգային ժողով, տեղեակ պահած եմ ԱԺ նախագահը, բայց նոյն օրն իսկ քուէարկեցին»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան: Լրագրողներու այն դիտարկման, որ մինչեւ տարեվերջ ընտրութիւններու իրականացման պարագային խորհրդարանին մէջ լիարժէք ընդդիմութիւն չի ձեւաւորուիր, վարչապետը նշեց, որ ՀՀ սահմանադրութեամբ ԱԺ-ի 1/3-ը պէտք է ընդդիմութիւն ըլլայ:
«Երկրին մէջ հաստատուած է ճգնաժամ, ես չեմ կրնար հասկնալ այն մարդոց, որ կ՝ըսեն՝ ինչու կը լուծէք այդ ճգնաժամը: Մենք պիտի լուծենք զայն: ՀՀ քաղաքացիները լիարժէք պատրաստ են ե՛ւ ծրագիր Ա-ին, ե՛ւ ծրագիր Բ-ին, նոյնիսկ ծրագիր Գ-ին»,- ըսած է ան: