«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իրանը եւ Եւրոպան պէտք է նախնական պայմանաւորուածութիւնները վերածեն միջուկային գործարքի պահպանման իրական համակարգերու: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ Ճաւատ Զարիֆը «BBC»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ, որ Հոկտեմբեր 3-ին հրապարակուած է իր կայքին մէջ:
«Եւրոպական երկիրները յայտարարած են, որ կը պաշտպանեն միջուկային գործարքի պահպանումը, եւ այժմ անհրաժեշտ է պայմանաւորուածութիւնները վերածել համակարգերու: Վստահ եմ, որ այդ մէկը տեղի կ’ունենայ»,- ըսած է Զարիֆը: Ան աւելցուցած է, որ «յաջորդ փուլին մէջ Իրանը կը փորձէ հասկնալ, թէ խորքին մէջ կ’աշխատի՞ն արդեօք այդ համակարգերը»: Նախարարը ըսած է, որ «միջազգային յարաբերութիւնները յարգանք կ’ենթադրեն ստանձնած պարտաւորութիւններու նկատմամբ»:
«ԱՄՆ-ի մէջ նախագահ Տոնալտ Թրամփի իշխանութեան գալը յեղափոխութիւն չէր: Անիկա պարզապէս վարչակազմի փոխարինում է: Միջուկային գործարքը ոչ թէ պարզապէս մարդկանց անձնական պայմանաւորուածութիւնն է, այլ միջազգային համաձայնագիր մի քանի պետութիւններու միջեւ»,- ընդգծած է ան: Բացի այդ՝ Զարիֆը հանդէս եկած է միջազգային քաղաքականութեան մէջ տոլարի օգտագործումէն հրաժարելու օգտին: «Ատիկա բարդ գործընթաց է, բայց անոր անհրաժեշտութիւնը ակնյայտ է: Միջազգային հանրակցութիւնը պէտք չէ թոյլ տայ ԱՄՆ-ին աշխարհը կառավարելու բռնապետական մեթոտներով»,- ըսած է ան, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»-ը: