Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Ազգային Ժողովի Այգիին Դարպասները Բացուած են Քաղաքացիներու Առջեւ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազգային ժողովի այգիի դարպասները բացուած են այցելուներու համար: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` Հոկտեմբեր 3-ին, ժամը 13:00-էն սկսած քաղաքացիները անարգել մուտք կը գործեն Ազգայի Ժողովի բակ:

«Կ՛անցնէինք այս տարածքով, տեսանք, որ դարպասները բաց են, սիրով ներս եկանք: Կ՛ուզէինք տեսնել, թէ մեր պաշտօնեաները ինչպէս կ՛աշխատին այս շէնքին մէջ, որ կառուցուած է ժողովուրդին կողմէ: Այստեղ կը լուծուին ազգի խնդիրները, մենք կ՛ուզէինք տեսնել, թէ յատկապէս յեղափոխութենէն ետք անոնք ինչպէս կը համաձայնեցնեն խնդիրներու լուծումները ժողովուրդին հետ»,- ըսած է քաղաքացի Ռիտա Դաւթեան:

Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ ԱԺ բակին մէջ պիտի հանդիպի պատգամաւորներու, անձամբ անոնց հետ պիտի քննարկէ խնդիրները: Իսկ տարածքի ուժեղացուած հսկողութիւնը նոյնիսկ անտեղի համարեց:

Ազգային ժողովի դարպասները այցելուներու համար բաց պիտի ըլլան առաւօտեան ժամը 10-էն երեկոյեան 22:00:

ԱԺ դռները բացուած են երէկ ուշ երեկոյեան` ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` այստեղ հնչեցուցած կոչէն ետք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին