«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Չինաստանի Ժողովրդաազատագրական բանակի ռազմածովային ուժերու «Լույան» ականակիրը Սեպտեմբեր 30-ին հարաւչինական ծովուն մէջ ԱՄՆ-ի ռազմածովային ուժերու «Տեքաթուր» ականակիրը հարկադրած է հեռանալու Սփրաթլի (չինական Նանշա) կղզիներէն՝ վերջինիս մօտենալով ոչ անվտանգ հեռաւորութեամբ: Այդ մասին հաղորդած է «CNN» հեռուստաալիքը՝ վկայակոչելով ԱՄՆ-ի ռազմածովային ուժերու Խաղաղովկիանոսեան նաւատորմի ներկայացուցիչը, կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը: «Չինական «Լույան» ռազմածովային ականակիրը հարաւչինական ծովուն մէջ մօտեցած է ամերիկեան «Տեքաթուր» ականակիրին՝ կատարելով ոչ անվտանգ խուսավարումներ»,- «CNN» հեռուստաալիքին ըսած է ԱՄՆ-ի ռազմածովային ուժերու Խաղաղովկիանոսեան նաւատորմի պաշտօնական ներկայացուցիչ Չառլզ Պրաունը:
Իր խօսքով՝ չինական ռազմանաւը «կատարած է խուսավարումներ, որոնք ուղեկցուած են նաեւ շրջանէն «Տեքաթուրի» հեռանալու պահանջներով»: Միաժամանակ ան յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ի զինուած ուժերը «կը շարունակեն թռչիլ, նաւարկել եւ գործել որեւէ շրջանի մէջ, ուր թոյլատրուած է միջազգային իրաւունքով»:
Սփրաթլի կղզիներու տարածքը կը վիճարկուի միանգամայն վեց պետութիւններու՝ Վիեթնամի, Չինաստանի, Թայուանի, Մալայզիայի, Ֆիլիփիններու եւ Պրունէյի կողմէ: Արշիբելակի կղզիները կարեւոր նշանակութիւն ունին տարածաշրջանին մէջ երկայութեան տեսակէտէն: Բացի անկէ՝ ըստ հետազօտութիւններու տուեալներուն՝ անոնց մօտ նաւթի եւ կազի մեծ հանքավայր կը գտնուի, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»-ը:






