Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Տեսանկիւն. Մարդը Կ’երթայ, Գործը Կը Մնայ

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Նախորդող օրը կէսօրէ ետք ժամը 3-ն էր: Ակադեմական աշխատանքէս նոր արձակուած ու ինքնաշարժիս մէջ նստած, սովորութեանս համաձայն, վայրկեան մը աչքերս գոց կը հանգչէի ֆիզիքապէս ու հոգեպէս նախապատրաստուելու միւս գործիս, որ խմբագրական աշխատանքն է, որուն համար պէտք է շուտով ուղղուէի խմբագրատուն: Հեռաձայնս հնչեց: Տղաս էր, որ կը գուժէր 94-ամեայ Ազնաւուրի մահը…: Պահ մը չկեդրոնացայ ու երեւի լաւ ալ չըմբռնեցի ըսածը: Չէ՞ որ ընդամէնը քանի մը շաբաթ առաջ էր, որ արուեստի հսկան իր հարցազրոյցներէն մէկուն (թերեւս վերջինին) մէջ կը յայտարարէր. «Հարիւրամեակս բեմի վրայ պիտի նշեմ»…:

Լրատուութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելով տղուս՝ ընդհատեցի հեռաձայնի վրայ մեր խօսակցութիւնը ու անմիջապէս հեռախօսիս վրայ բացի ընկերային համացանցի էջս, ուր կարդացի «BBC»-ի վերնագիրը՝ «Մահացած Է Շառլ Ազնաւուրը՝ «Դարի Արուեստագէտը»»: Լուրը ստոյգ էր:

Համացանցը անմիջապէս սկսաւ ողողուիլ ցաւակցական գրառումներով: Կը մտածէի, որ չմեռնիլ ուզող մարդը ի՞նչպէս կրնայ այսպէս յանկարծ «անժամանակ» մեռնիլ..:  Չէ՞ որ երբ մարդ  բան մը շատ ցանկայ, ամբողջ տիեզերքը  կը միաւորուի, որպէսզի փափաքը իրականանայ: Հապա ձգողութեան տեսութի՞ւնը…: Սակայն փաստը փաստ էր այլեւս: Ոչ եւս է Շառլ Ազնաւուր: Մտածեցի, որ երանի բոլորն ալ ամենաքիչը 94 տարի ապրին, սակայն այնքան կարեւոր ու յագեցած կեանքով ու անսպառ նուիրումով դէպի հայրենիք, դէպի արուեստ, կարեկից դէպի մարդ արարածն ու անոր ցաւերը, որ մահուան պահուն եւ, ինչպէս ընկերային համացանցը Ազնաւուրի մասին կը կը վկայէ այսօր, իր ժողովուրդի զաւակները գրեն «որբացանք»…:

Իմ կարծիքով՝ Ազնաւուրի մահով ո՛չ միայն հայ ժողովուրդի զաւակները «որբացան», այլեւ ֆրանսական շանսոնը: Քաղաքակիրթ մարդկութեան երաժշտական ականջը դատարկուեցաւ: Շառլ Ազնաւուր ինքը կը գրէր ու կ’երգէր այն ամէն բանի մասին, որ մենք կ’ուզէինք լսել կամ ըսել, սակայն չէինք համարձակէր: Ազնաւուր երաժշտութեան նուրբ հոգիով բանաստեղծն էր: Ան գիտէր՝ ո՛ր բառը ուր դնէր՝ պատմելով մարդկային պարզ պատմութիւն մը այնպէս մը, որ խուլը լսէր, համրը խօսէր, կոյրը տեսնէր, սառոյցը հալէր կամ կրակը հանդարտէր… Ան լաւ գիտէր կեանքը, ինչպէս ճարտարապետը գիտէ իր մաքէթը, այն տարբերութեամբ, որ ինքը չէ, որ գծած էր, այլ ապրելով սորված…:

Շառլ Ազնաւուրն ալ մահացաւ: Ի՞նչ կը նշանակէ այս: Այս կը նշանակէ, որ մահը միակ կայուն ու հաստատուն իրականութիւնն է սիրելիս, որ գոյութիւն ունի այս արեւուն տակ: Ուրեմն այն ինչ որ անմահ է, գործն է:

Մարդը կ’երթայ, իր գործն է միայն, որ կը մնայ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին