Երեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2018-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս կարճ այցելութեամբ մեկնեցաւ Ժընեւ՝ յաջորդաբար հանդիպումներ ունենալու Սիսի կաթողիկոսարանի դատի իրաւաբաններու եւ «Մետաքսեայ ճամբուն» մասին Անթիլիասի մէջ տեղի ունենալիք համագումարի նախապատրաստական յանձնախումբին հետ: Բացի այդ՝ կաթողիկոսը պիտի ունենայ նաեւ միջեկեղեցական շարք մը հանդիպումներ:
Վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանք պիտի վերադառնայ Շաբաթ օր։