Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Լիբանան Դիմակայութիւն Պիտի Ցուցաբերէ Իսրայէլական Որեւէ Զաւթողական Արարքի Պարագային. Աուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն Երեքշաբթի Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Քարին Քնէյսըլի հետ հանդիպումին յայտարարեց, որ Լիբանանը աներկբայօրէն դիմակայութիւն պիտի ցուցաբերէ իր ինքնիշխանութեան սպառնացող իսրայէլական որեւէ զաւթողական արարքի առթիւ: Այս մասին կը հաղորդեն Աունի նախագահական գրասենեակէն:
Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ Աուն խստօրէն քննադատեց Իսրայէլի վարչապետ Պենճամին Նաթանիահուի վերջին պնդումները, թէ Ռաֆիք Հարիրի օդակայանին յարակից հրթիռակայան հաստատուած է Հըզպալլայի կողմէ:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Աուն բացառած է նման հրթիռակայանի մը գոյութիւնը եւ այդ մասին Իսրայէլի վարչապետի պնդումները որակած է անհիմն եւ իրականութեան ամենեւին չհամապատասխանող: Աւելին, նախագահ Միշէլ Աուն այդ պնդումները դիտարկած է իբրեւ իսրայէլական նոր սպառնալիք Լիբանանի ինքնիշխանութեան: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին