«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ինտոնեզացի փրկարարները 34 ուսանողներու մարմիններ յայտնաբերած են եկեղեցիներէն մէկուն մէջ, որոնք մահացած են երկրաշարժի հետեւանքով յառաջացած սողանքէն: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, Հոկտեմբեր 2-ին յայտնած է «AFP» գործակալութիւնը:
«34 ուսանողներու մարմիններ յայտնաբերուած են փրկարարներու խումբին կողմէն»,- գործակալութեան պատմած է Կարմիր խաչի ներկայացուցիչը: Ան աւելցուցած է, որ ընդամէնը 86 ուսանողներ անյայտ կորսուած են Կեդրոնական Սուլավեսիի նահանգի եկեղեցիներէն մէկուն առընթեր գործող ճամբարէն:
Սեպտեմբեր 28-ին Ինտոնեզիայի Կեդրոնական Սուլավեսի նահանգին մէջ տեղի ունեցած է 7.4 աստիճանի երկրաշարժ, գրեթէ երկու օրուան ընթացքին գրանցուած է մօտաւորապէս 170 յետցնցում: Ստորգետնեայ ուժգին ցնցումները ցունամիի յառաջացման պատճառ դարձած են, որուն ժամանակ ալիքներու բարձրութիւնը հասած է երեք-հինգ մեթրի: Ըստ վերջին տուեալներուն՝ տարերքի հարուածին հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 1.2 հազար մարդ, տուժած են հարիւրաւոր բնակիչներ: Բացի այդ՝ իրենց տուները հարկադրուած լքած են առնուազն 16 հազար տեղի բնակիչներ, աւերուած են հազարաւոր տուներ, հիւրանոցներ, առեւտրական կեդրոններ, հաղորդած է «ՏԱՍՍ» գործակալութիւնը: