Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Աշխարհի Ղեկավարներուն Շարքին Վստահութեան Ամենաբարձր Վարկանիշը Ունի Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքելը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինին առհասարակ աւելի շատ կը վստահին, քան ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփին: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը վկայեն Pew Research Center ամերիկեան հետազօտական կեդրոնի կողմէ ուղղուած հարցումի արդիւնքները:

Հարցումի տուեալներուն համաձայն՝ մասնակիցներու 30 տոկոսը վստահութեամբ կը վերաբերի Ռուսիոյ նախագահին՝ նշելով անոր ճիշդ քաղաքականութիւնը միջազգային ասպարէզին մէջ: Այդ հարցի գծով աւելի բարձր ցուցանիշ ունի Չինաստանի նախագահ Սի Ցզինփինը: Իր վստահութեան վարկանիշը կը կազմէ 34 տոկոս: Թրամփի այդ ցուցանիշը 27 տոկոս է, իսկ աշխարհի բոլոր ղեկավարներու շարքին վստահութեան ամենաբարձր վարկանիշը ունի Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը՝ 52 տոկոս:

Միաժամանակ, հետազօտութեան համաձայն, հարցումին պատասխանող անձանց մեծամասնութիւնը անհանգստութիւն կը յայտնէ միջազգային ասպարէզին մէջ ԱՄՆ-ի դերակատարութեան կապակցութեամբ: Իրենց կարծիքով՝ Միացեալ Նահանգները յաճախ կը քամահրէ միւս երկիրներու կարծիքը համաշխարհային կարեւոր խնդիրներու լուծման գործին մէջ: Ոմանք կը նշեն, որ ԱՄՆ-ը սկսած է նուազ ջանքեր գործադրել համաշխարհային խնդիրներու կարգաւորման համար, քան առաջ: Ասոր հետ մէկտեղ, ինչպէս կը վկայեն հարցումի արդիւնքները, աւելի ու աւելի շատ մարդիկ իրենց հաւանութիւնը կ’արտայայտեն համաշխարհային ասպարէզին մէջ Չինաստանի քաղաքականութեան: Հարցումին պատասխանած է 26,1 հազար մարդ աշխարհի 25 երկրէ 2018 թուականի Մայիս 20-էն մինչեւ Օգոստոս 12 ժամանակահատուածին, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին