Երկուշաբթի խումբ մը գաղթականներ հաւաքուեցան Լիբանանի զանազան շրջաններու մէջ, որոնք Ընդհանուր անվտանութեան գործակալութեան նախաձեռնութեամբ պիտի վերադառնան Սուրիա: Այս մասին Ընդհանուր անվտանգութեան գործակալութենէն աղբիւր մը յայտնած: Վերադարձը մեկնարկեց առաւօտեան ժամը 6-ին Պուրճ Համուտ, Թրիփոլի, Աքքար, Պեքաա, Նապաթիէ, Շեպաա, Սայտա եւ Պաալպեք-Հըրմել շրջաններէն:
Աղբիւրը «The Daily Star»-ին յայտնեց, որ 840 գաղթականներ գրանցուած էին Սուրիա վերադառնալու, այնուամենայնիւ այս ծրագիրին մէջ ներգրաւուած գաղթականներու ստոյգ թիւը կարելի չէ հաստատել, որովհետեւ որոշ խումբեր տակաւին չեն մեկնած:






