Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Հայաստանի Մէջ Կը Բնակի 100 Տարեկանը Անց 67 Մարդ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի մէջ կը բնակի 100 տարեկանը անց 67 տարեց: «Արմէնփրես»ի մամլոյ սրահին մէջ գումարուած ասուլիսի ժամանակ ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան հաշմանդամներու եւ տարեցներու հիմնահարցերու վարչութեան պետի տեղակալ Անահիտ Գէորգեանը նշեց, որ անոնցմէ ամենատարեցը 113 տարեկան տարեց կին է, որ կը բնակի Եղէգնաձոր: Երկրորդ եւ երրորդ տեղը դարձեալ կանայք են, որոնցմէ մէկը՝ 111, իսկ միւսը 110 տարեկան է: Անահիտ Գէորգեան նշեց, որ նախորդ տարի 100 տարեկանը անց տարեցներու թիւը աւելի շատ էր:

«Հայաստանի մէջ 90 տարեկանը անց տարեցներու թիւը կը կազմէ 7 հազար 210: Այսօր կը գործէ խնամքի համար նախատեսուած 12 հաստատութիւն, որմէ 5-ն՝ պետական, 7-ն՝ ոչ պետական: Բոլոր հաստատութիւններուն մէջ կ’ապրի 1240 մարդ»,- ըսաւ Անահիտ Գէորգեան: Հաստատութիւններուն մէկ մասին մէջ կ’ապրին հոգեկան առողջութեան խնդիրներ ունեցող անձինք:

Խօսելով խնամքի հաստատութիւններուն մէջ տարեցներու թիւին մասին՝ Անահիտ Գէորգեան նշեց, որ յաւելում չի նկատուիր: Այս տարիներուն խնամքի տուները չեն աւելցած ու այնտեղ տեղերու քանակը մնացած է նոյնը:  

«Աւելին, այսօր մենք ընդհանուր հաստատութիւններուն մէջ ունինք ազատ տեղեր, ատիկա կը նշանակէ, որ դիմողներու թիւը պակսած է: 90-ական թուականներուն մենք մինչեւ 200 մարդ ունէինք հերթի սպասող, որպէսզի ընդունուին խնամքի հաստատութիւնները: Ըսեմ, որ, ի տարբերութիւն ընդհանուր հաստատութիւններուն, յատուկ տիպի հաստատութիւններուն մէջ հոգեկան առողջութեան խնդիրներ ունեցող տարեցներու թիւը աւելցած է: Այստեղ հերթեր կան, այդ ծառայութեան կարիքը ունինք»,- աւելցուց Անահիտ Գէորգեանը:

Հոկտեմբեր 1-ը Տարեցներու միջազգային օրն է (International Day of Older Persons): Անիկա հռչակուած է 1990 թուականի Դեկտեմբեր 14-ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի որոշումով: 1991-ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը ընդունեց տարեց մարդկանց նկատմամբ ՄԱԿ-ի սկզբունքները: Սկզբնական շրջանին Տարեցներու միջազգային օրը կը նշուէր միայն Եւրոպայի մէջ, այնուհետեւ Ամերիկայի, իսկ այժմ` աշխարհի բազմաթիւ    երկիրներուն մէջ, այդ կարգին նաեւ Հայաստանի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին