Խորհրդարանի Ֆինանսներու եւ պիւտճէի յանձնաժողովի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան Երկուշաբթի ֆինանսներու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլի հետ յանձնաժողովի նիստէն ետք, որ փաստօրէն գումարուեցաւ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակի բարելաւման ուղղուած ծրագիրներու ձեռնարկելու համար, մամլոյ հեռարձակուող ասուլիսի ժամանակ հաւաստեց, որ Լիբանանի տնտեսական ներկայ իրավիճակը կայուն է, եւ այնուհետեւ աւելցուց, որ Լիբանանի տնտեսական անկումային գոյավիճակի մասին տեւաբար շրջանառուող լուրերն ու հաղորդումները երբեք չեն համապատասխաներ իրականութեան: