Նշենք, որ Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտական Հանդէսի սոյն 38րդ հատորի Շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2018ի երեկոյեան ժամը 7ին, Հայկազեան Համալսարանի Հանդիսասրահին մէջ:
Նախորդ շաբաթ Հայկազեան Համալսարանի Ֆէյսպուքի էջը տեղեկացուց Հանդէսի վերակազմաւորուած խմբագրական կազմին մասին, խմբագրակազմէն նկար մըն ալ տեղադրելով իր էջին վրայ:
Նկարին մէջ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի հետ կ՛երեւին Դոկտ. Արտա Էքմէքճի, Դոկտ. Նանոր Գարակէօզեան, Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, Տիկ. Սիլվա Փափազեան, Դոկտ. Արշալոյս Թօփալեան եւ Համասարանի Հայագիտական Հանդէսին նորանշանակ խմբագիր՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան: