Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Հայկական Նոր Թղթադրամներու Մէկ Մասը Կը Նախատեսուի Շրջանառել Նոյեմբերի Վերջաւորութենէն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայկական նոր թղթադրամներու մէկ մասը շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի Նոյեմբերի վերջաւորութենէն, երկրորդ մասը՝ յաջորդ տարուընէ: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին Սեպտեմբեր 30-ին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշեց ՀՀ Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ճաւադեանը:

«Մենք կը փորձենք նոր թղթադրամները շրջանառութեան մէջ դնել Նոյեմբերի վերջաւորութենէն՝ դրամի 25-ամեակի միջոցառումներու ծիրէն ներս: Որոշ խնդիրներ ունինք, եթէ հասցնենք, ամբողջութեամբ կը ներդնենք, եթէ՝ ոչ, ապա երկրորդ մասը շրջանառութեան մէջ կը դնենք յաջորդ տարուընէ»,- ըսաւ Ճաւադեանը:

1000 դրամ անուանական արժէքով թղթադրամի վրայ Պարոյր Սեւակի պատկերն է, 2000-ը Տիգրան Պետրոսեանի պատկերով է, 5000-ը` Ուիլիըմ Սարոյեանի, 10000-ը` Կոմիտասի, 20000-ը` Յովհաննէս Այվազովսքիի, 50000-ը` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի: Թղթադրամներուն դիմերեսին անոնց դիմապատկերն է, պատկերներ ու խորհրդանիշներ անոնց ստեղծագործութիւններէն, իսկ դարձերեսին` հատուած յուշարձանէն, անոնց նուիրուած թանգարաններէն եւ շէնք-շինութիւններէն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին