Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ուսուցչաց Համագումար

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմնին, 28, 29 եւ 30 սեպտեմբեր 2018-ին, «ՔՋԱԿ»-ի մէջ, տեղի ունեցաւ կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցչաց համագումար վերամուտի առիթով։

Համագումարի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ պատասխանատու արժանաշնորհ Տ. Սարգիս Քհն. Սարգիսեան, որ նշեց, թէ վերամուտի նախօրեակին վերաւորակաւորման եւ աշխատանքներու վերադասա-ւորման նպատակադրումով նմանօրինակ հաւաքները ե՛ւ շահեկան են, ե՛ւ յաւելալ թափ կու տան գալիք աշխատանքներուն։

Համագումարի ընթացքին մասնակիցները հետեւեցան Աստուածաշունչի սերտողու-թեան, շարականներու ուսուցման եւ առաւօտեան ու երեկոյեան ժամերգութիւններու։ Երեկոները ուսուցիչները ունեցան ընկերային հաւաքներ։

Մասնակիցները հետեւեցան երկու դասախօսութիւններու։  Ա. նիւթ՝ «Դասարանային կառավարման եղանակները», դասախօս՝ Տիկին Սալբի Ճիւնկէօզեան-Մուղալեան։ Բ. նիւթ՝ «Պատմութեան հաղորդականութիւնը՝ գաղափար մը փոխանցելու եւ ամրապնդելու համար», դասախօս՝ Տիկին Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեան։

Այս առիթով, շաբաթ, 29 սեպտեմբերին, համագումարի մասնակիցներուն հետ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Նարեկ Արքեպիս-կոպոս, որ մեծապէս գնահատեց կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներու նուիրական աշխատանքը։ Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ կիրակնօրեայ վարժարան-ները պատանիներուն մօտ հոգեւոր-քրիստոնէական դաստիարակութեան կազմաւոր-ման առնչութեամբ ունին իրենց իւրայատուկ եւ կարեւոր տեղն ու դերը։ Հանդիպումէն ետք, Նարեկ Սրբազան մտերմիկ զրոյց ունեցաւ մասնակիցներուն հետ, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուեցաւ կէսօրուան «սիրոյ սեղան»-ին։

Համագումարը փակուեցաւ կիրակի առաւօտուն, ժամը 10։00-ին, «Տէրունական Աղօթք»-ով։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին