Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Լիբանանեան Մամուլի Ներկայ Ճգնաժամի Լուծման Ի Խնդիր՝ Ռիաշի Կոչ Կ’ընէ Գործարկելու Համապատասխան Օրինագիծ

Լիբանանի տեղեկատուական նախարարի պաշտօնակատար Մըլհեմ Ռիաշի Երկուշաբթի կոչ ըրաւ շարք մը օրինագիծերու գործարկման, որով կարելի ըլլայ հնարաւորինս նպաստել մամլոյ անյուսալի մարզի ներկայ ճգնաժամի հանգուցալուծման: Օրինագիծը առաջին հերթին պիտի ներկայացուի ժամանակաւորապէս գործող նախարարաց խորհուրդին, այնուհետեւ խորհրդարանին:
Տեղեկատուական նախարարի պաշտօնակատար Մըլհեմ Ռիաշի հանդիպում ունեցաւ զանազան օրաթերթերու խմբագիրներուն հետ: Զրուցակիցները քննարկեցին տպագիր մամլոյ հետ կապուած առկայ ճգնաժամը վերացնելու ուղիներ, յատկապէս այն իրողութենէն ետք, երբ տասնամեակներու վաղեմիութիւն ունեցող լիբանանեան օրաթերթերէն մէկը հարկադրաբար փակուեցաւ Երկուշաբթի նիւթական դժուարութիւններու պատճառով:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին