Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Իրանը Սուրիոյ Մէջ Հրթիռային Հարուածներ Հասցուցած Է Ահվազի Ահաբեկչութեան Կազմակերպիչներուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իրանի «Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու» զօրաբանակը Հոկտեմբեր 1-ի առաւօտեան Սուրիոյ մէջ հրթիռահարուածներ հասցուցած է Եփրատ գէտէն արեւելք ինկած տարածքին, ուր, ինչպէս կը պնդուի, կը գտնուէին իրանական Ահվազի մէջ իրականացուած ահաբեկչութեան կազմակերպիչները: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած է «Fars» գործակալութիւնը:

Իր տեղեկութեամբ՝ ահաբեկիչներուն հարուածներ հասցնելու ժամանակ գործի դրուած են ձգաբանական հրթիռներ: Սեպտեմբեր 22-ին Ահվազի մէջ ահաբեկչական գործողութիւն  կատարուած է զօրահանդէսի ժամանակ: Մարդոց վրայ կրակ բացած են անյայտ զինուած անձեր: Զոհուած է առնուազն 29 մարդ, վիրաւորուած է շուրջ 60 մարդ: Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենիէն յայտարարած է, որ Ահվազի մէջ ահաբեկչութիւնը կազմակերպուած էր Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կողմէ ԱՄՆ-ի աջակցութեամբ, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին