Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Շարք Մը Երկիրներու Դեսպաններ Շրջայց Պիտի Կատարեն Ռաֆիք Հարիրի Օդակայանին Մօտ Գտնուող Ենթադրեալ Հրթիռակայանին Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Կիրակի յայտարարեց, որ նախաձեռնած է շարք մը երկիրներու դեսպաններու շրջայցը Ռաֆիք Հարիրի օդակայանին մօտ գտնուող հրթիռակայանին մէջ, որ, ըստ Իսրայէլի վարչապետ Պենճամին Նաթանիահուի հաստատումներուն, կը պատկանի Հըզպալլա կուսակցութեան:
Նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, որ դեսպանները Երկուշաբթի հրաւիրուած են նախարարութեան կեդրոնատեղին: Ի ներկայութիւն դեսպաններուն տեղի պիտի ունենան Նաթանիահուի կանխակալ հաստատումներուն ի պատասխան դրսեւորումներ, նախքան որ անոնք ուղղուին Ռաֆիք Հարիրի օդակայանին մօտ տեղակայուած երեք ենթադրեալ հրթիռակայաններէն մէկուն, որոնց կ’անդրադառնայ Իսրայէլի վարչապետը:    

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին