«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Տեղեկատուական նախարարի պաշտօնակատար Մըլհեմ Ռիաշի Կիրակի տասնամեակներու վաղեմիութիւն ունեցող լիբանանեան օրաթերթերէն մէկուն խափանման յայտարարութենէն ետք կոչ ըրաւ արտահերթ հանդիպումի՝ քննարկելու մամլոյ հետ կապուած ներկայ ճգնաժամը:
Այսօր տեղի ունենալիք հանդիպումին ներկայ պիտի ըլլան շարք մը օրաթերթերու խմբագիրներ եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: Այս մասին կը հաղորդէ Ազգային լրատուական գործակալութիւնը:






